image

Լիբանանի մանուկները առա՞նց կաթի

Լիբանանի մանուկները առա՞նց կաթի

 Լիբանանի մէջ օրըստօրէ աւելիով կը սրին տնտեսական խնդիրները։

 

 Այս առումով եւ ի հետեւանք տնտեսական ճգնաժամին կը հաղորդուի, որ մանուկներու պիտանի կաթ ճարելու հարցը կրնայ դառնալ լուրջ խնդիր։

 

 

 Հարցը այն է, որ մինչեւ հիմա պետական ֆինանսական նեցուկով վաճառուող եւ առաջին անհրաժեշտութիւն համարուող շատ մը ապրանքներ պիտի զրկուին այդ նեցուկէն հետեւաբար նաեւ պիտի վաճառուին բարձր սակագիներով։

 

 Այս առումով եւ ըստ Lebanonon կայքին կաթի փոքր տուփը պիտի վաճառուի 160 հազար լիբանանեան ոսկիով, իսկ մեծ չափի կաթի տուփը պիտի վաճառուի 300 ոսկիով։

 

 

 Յիշեցնենք, որ այս օրերուն Լիբանանի տարածքին ամերիկեան մէկ տոլարը սկսած է վաճառուիլ 15.000 լիբանանեան ոսկիով։