image
Հրատապ լուրեր:

Նոր սադրանք սահմանին. Թշնամին գրոհած է «Անվախ դիրք»ի ուղղութեամբ ու հարուած ստանալով ետ մղուած

Նոր սադրանք  սահմանին. Թշնամին գրոհած է «Անվախ դիրք»ի  ուղղութեամբ ու  հարուած ստանալով  ետ մղուած

Ըստ  երեւոյթին Ատրպէյճան չէ  գոհացած  Տաւուշեան  սահմանին  իր կրած   պարտութիւններով եւ   կը    շարունակէ   նոր սադրանքներ կազմակերպելու իր    ստոր մօտեցումները։

 

 Քիչ  առաջ  պարզ դարձաւ, որ Ատրպէյճանեան մասնայատուկ ուժեր  գրոհ մը կազմակերպած են  Տաւուշի «Անվախ   դիրք»  անունով    յայտնի        սահմանապահ  դիրքին ուղղութեամբ։

 

 Այս  մասին գրառած է ՀՀ ՊՆ-ի   նախկին մամլոյ   խօսնակ եւ  ռազմական փորձագէտ՝  Արծրուն Յովհաննիսեան։

 Յովհաննիսեան նաեւ   նշած  է, որ   թշնամին  ունի  բազմաթիւ  կորուստներ։

 

 

 Պիտի  հետեւինք  զարգացումներուն։