image

Նոր Մանրամասնութիւններր Թուրքիայէն Դէպի Լիբանան Զէնք Փոխադրող Նաւուն Մասին

Նոր Մանրամասնութիւններր Թուրքիայէն Դէպի Լիբանան Զէնք Փոխադրող Նաւուն  Մասին

Լիբանանեան  «Ալ Ախպար»  օրաթերթը  18 մարտ  թուակիր իր թիւով  մանրամասն յօդուած մը հրապարակած է Թուրքիայէն դէպի Լիբանան ուղղուող   Trader  նաւուն  մասին, նշելով  թվ     նաւը բեռցուած էր  մեծ քանակութեամբ   զինամթերքով:        Նշենք, որ    մարտ ամսուան  սկիզբը «Արեւելք» հիմնուելով Էլ. Պի. Սի Այ. Կայանին  կողմէ կատարուած լրատութեան վրայ գրած էր, թէ   նաւուն վրայ եղածը    սոսկ  որսորդական զէնքեր են: Հարցը մինչեւ հոս  կարելի է տեղադրել   լիբանանեան մակարդակով եղած «տեղեկատուական պատերազմ»ի   խաղի կանոններուն մէջ, սակայն  «Ալ Ախպար»ի կողմէ հրապարակուած տեղեկութիիւնները    կարեւոր բացայայտումներ  ընելով  մեծ հարցադրումներ  լոյսին կու տային:  Նախ  ինչո՞ւ    արդիական  հրացաններով  (շուրջ 600  արդիական հրացան)  ու  յատկապէս պայթումներու պատրաստութեան համար օգտագործուող   նիւթեր  պարունակող  նաւ մը Պէյրութ  պիտի ուղղուէր: Աղբիւրը  նաեւ կը նշէր, որ պայթումներու մէջ օգտագործուող    Ամոնեա Նայթրէյթ  կոչուող  նիւթը   Տահէշ  ահաբեկչական   խմբաւորման համար        «փնտռուած»  նիւթ  է:    Նաւուն մասին եղած   լրատուութիւնը  աւելի ուշ  արագօրէն «կը մարէր»  եւ     մոռացութեան կը մատնուէր: Պէտք է նաեւ  նշել, որ «Ախպար» օրաթերթը այս մանրակրկիտ  տեղեկութիւնները  առած էր  Յունաստանի ծովային  ապահովութեան  մարմիններէն, որոնք մանրամասն  տեղեկագիր մը  Լիբանանի ապահովական  մարմիններուն յղած էին՝ ընդառաջելով վերջիններուս   փափաքին:   Կը մնայ  կարեւոր հարցադրումը, թէ մասնաւորապէս այս  նուրբ եւ զգայուն  հանգրուանին, որու՞  շահերուն կը ծառայէ Լիբանան զէնք եւ զինամթերք ուղարկելը: Նման    վտանգաւոր եւ  կասկածայարոյց   դէպքերու պարագային անշուշտ,  որ Լիբանանի  ապահովական մարմինները     կոչուած են հարցը  մինչեւ  վերջ  քննութեան  տանիլ: Յուսալի է նաեւ,  որ   իրապէս   նման  նաւերու պատմութիւնները հեռու մնան   առանց անոր ալ  պայթիւնավտանգ դրութեան մը մէջ գտնուող Լիբանանէն, որ  միջինարեւելեան    մեծ հրդեհներուն մէջ  հազիւ կը փորձէ     պահպանել իր միասնութիւնը ու ընդհանուր անվտանգութեան «կարմիր գիծեր»ը: