image

Նոր Գիւղի մէջ Կիրակի օր վիրաւորուած հայորդին իր մահկանացուն կնքեց

Նոր Գիւղի մէջ Կիրակի օր վիրաւորուած  հայորդին  իր մահկանացուն կնքեց

Կիրակի օր Հալէպի «Նոր գիւղ»  շրջանին մէջ  գլուխէն ծանրօրէն վիրաւորուած   Սագօ Գույումճեան  այսօր   իր մահկանացուն կնքեց: Այս մասին տեղեկութիւն ստացանք Հալէպի մեր աղբիւրէն:  Նշենք, որ  «Ալ Րազի»  հիւանդանոց գտնուող  Գույումճեան   վիրաւորուելէն ետք  մտած էր մահաքունի մէջ եւ  անոր  ստացած ուղեկորոյս  փամփուշտը կը  գտնուէր դէմքին մէջ: Ուղեղը ծանրօրէն վնասուած ըլլալով` Գույումճեան    մտած էր մահաքունային վիճակի   մը մէջ եւ  բժիշկներու  թելադրանքով  անոր կցուած է թթուածին փոխանցող   յատուկ սարք: Ան ամուսնացած  էր եւ տէր  հայր երկու զաւակներու: Նշենք, որ  Գույումճեան  երկար տարիներ,  որպէս վարչական եւ  փողերախումբի անդամ   ծառայած է Հալէպի ՀՄՄ-ին:  Հանգուցեալին  թաղման եւ յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուին այսօր յետմիջօրէին՝ Հալէպի Սուրբ Ասուածածին եկեղեցւոյ մէջ: