image

Ներկայ Պահու Դրութեամբ Քեսապի Իրավիճակը Կայուն Է. Աղբիւր

Ներկայ Պահու Դրութեամբ   Քեսապի   Իրավիճակը   Կայուն  Է. Աղբիւր

 Քեսապի իրավիճակը ներկայ պահու դրութեամբ կայուն է: Այս մասին տեղեկութիւն ստացանք «Արեւելք»ի Քեսապի աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ ըսաւ, որ երէկ Քեսապի վրայ  ինկած հրթիռները ահ ու սարսափի մթնոլորտ մը ստեղծած էին գիւղացիներուն մօտ տրուած ըլլալով, որ հայկական գիւղին վրայ երկար ժամանակէ  ի վեր հրթիռարձակումներ չեն եղած: Աղբիւրը նոյնպէս դիտել տուաւ, որ հրթիռներուն հետեւանքով վիրաւորուած է սուրիական բանակի մէկ զինուոր: Ըստ  փոխանցուած տեղեկութիւններուն դէպքը  յաջորդող  ժամերէն՝ մինչեւ այս լուրին  գրուիլը Քեսապի մէջ խոր լռութիւն կը տիրէ: Նշենք, որ մէկէ աւելի աղբիւրներ նոյն լուրը հաղորդելով գրած էին, որ Քեսապի վրայ արձակուած հրթիռներուն աղբիւրը թրքական  հողերն են, բան մը,  որ  մեծ   հարցականներու դուռ  կրնայ բանալ: