Քեսապի իրավիճակը ներկայ պահու դրութեամբ կայուն է: Այս մասին տեղեկութիւն ստացանք «Արեւելք»ի Քեսապի աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ ըսաւ, որ երէկ Քեսապի վրայ ինկած հրթիռները ահ ու սարսափի մթնոլորտ մը ստեղծած էին գիւղացիներուն մօտ տրուած ըլլալով, որ հայկական գիւղին վրայ երկար ժամանակէ ի վեր հրթիռարձակումներ չեն եղած: Աղբիւրը նոյնպէս դիտել տուաւ, որ հրթիռներուն հետեւանքով վիրաւորուած է սուրիական բանակի մէկ զինուոր: Ըստ փոխանցուած տեղեկութիւններուն դէպքը յաջորդող ժամերէն՝ մինչեւ այս լուրին գրուիլը Քեսապի մէջ խոր լռութիւն կը տիրէ: Նշենք, որ մէկէ աւելի աղբիւրներ նոյն լուրը հաղորդելով գրած էին, որ Քեսապի վրայ արձակուած հրթիռներուն աղբիւրը թրքական հողերն են, բան մը, որ մեծ հարցականներու դուռ կրնայ բանալ: