Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմէն ներս «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշան շնորհուած է բարերար Դերիկ Ղուկասեանին։
«Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն քաղեց Առաջնորդարանի պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է, թէ 27 Յունիս 2021-ի առաւօտէն սկսած, Վէն Նայիսի Սուրբ ՊետրոսՀայց. Եկեղեցւոյ կամարներէն ներս մէկտեղուել էին բազում հաւատացեալհայորդիներ, որպէսզի մասնակիցը ըլլային օրուան ընթացքին կատարուելիքհոգեւոր եւ նշանակալի իրադարձութեանց: Պատարագիչն էր Թեմիս ԲարեխնամԱռաջնորդ` Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, առընթերականութեամբեկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` Տ. Շնորհք Աւ. Քհնյ. Տեմիրճեանի եւ Արարատ Տանհոգեւոր հովիւ` Տ. Երեմիա Քհնյ. Խաչատրեանի: <<Հայր Մեր>>-էն առաջ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շնորհք Աւ. Քհնյ.Տեմիրճեանը` թափորի ուղեկցութեամբ եւ <<Հրաշափառ>> շարականիերգակցութեան ներքոյ ներս բերեց Հայրապետական Սրբատառ կոնդակը, որմէյետոյ ձեռամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք.Տէրտէրեանի` <<Ս. Ներսէս Շնորհալի>> պատւոյ բարձր շքանշանը շնորհուեցաւԹեմական Խորհրդի ատենապետ եւ Արարատ Տան տնօրէն` Տիար ԴերիկՂուկասեանին: Շքանշանի յանձնումէն յետոյ Սրբազան Հայրը Իր օրհնութեան եւշնորհաւորանքի խօսքերն ուղղեց Տէր եւ Տիկին Դերիկ եւ ԱտրինէՂուկասեաններուն ըսելով. <<… երջանիկ պահ մըն է բոլորիս համար անխտիր,անձնապէս մեզ համար, Ս. Պետրոս Հայ. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյարժանապտիւ հովիւ Տ. Շնորհք Աւ. Քհնյ Տեմիրճեանի, ծխական խորհուրդի,յարակից բոլոր մարմիններու, այստեղ ներկայ մեր հոգեւոր եղբայներու համար,ինչպէս նաեւ Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի համար: Յիրաւի ցնծութիւն է,երբ այստեղ` այս սուրբ եկեղեցւոյ կամարներու ներքոյ իրենց արժանիգնահատութիւնը կը ստանան մեծարգոյ Տէր եւ Տիկին Դերիկ եւ ԱտրինէՂուկասեանները` պարգեւատրուելով Հայրապետական Սրբատառ կոնդակով եւ<<Սբ. Ներսէս Շնորհալի>> պատւոյ բարձր շքանշանով` իրենց ցուցաբերածծառայութեանց դիմաց, որպէս վարձատրութիւն: Վստահ ենք, սա նաեւ խթանպէտք է հանդիսանայ որպէսզի անոնք նոյն ոգով, նոյն եռանդով, նոյն հաւատքովշարուանակեն իրենց բարի ծառայութիւնը Աստծուն, մեր սուրբ եկեղեցուն եւ մերթեմական կեանքին: Սիրելի Տէր եւ Տիկին Դերիկ եւ Ատրինէ Ղուկասեաններ, մենք Ձեզանձնապէս եւ Ձեր հրաշալի ընտանեօք հանդերձ` արդէն տասնութ տարիներէ իվեր կը ճանչնանք, շատ բան կրնանք ըսել մենք, մեր հոգեւոր եղբայրները, նաեւայստեղ միաբանեալ ժողովուրդը, որովհետեւ Դուք բոլորի կողմէ ստացած էքամենաբարձր վարձատրութիւնը` բոլորի սէրը, բոլորի յարգանքը եւ եթէ նժարիվրայ ուզենք դնել, թէ ինչն է ամենէն ծանր կշռող արժէքը` բնականաբար դա սէրնէ, բնականաբար յարգանքն է, որ ժողովուրդէն կու գայ, մնացեալը անցողիկ է`կու գայ եւ կ’երթայ: Դուք արդարօրէն շահած էք այդ` Ձեր ազնիւ աշխատանքիքրտինքով, բարի ծառայութեամբ, մանաւանդ նաեւ խոնարհ ներկայութեամբեկեղեցւոյ կեանքին մէջ` բազում պաշտօններ վերցնելով Ձեզ վրայ: Մեզի համարուրախութիւն է, որ Սուրբ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ Ձեր երկար տարիներուծառայութենէ յետոյ, թեմական կեանքին մէջ զանազան պաշտօններ վարելէյետոյ, այսօր Դուք կը վարէք նաեւ Թեմական խորհուրդի ատենապետի բարձր եւպատասխանատու պաշտօնը: Դուք որպէս երիտասարդ ծնողներ, դեռ շատերկար ճանապարհ ունիք Ձեր կեանքի առջեւ բացուած, ուստի Աստուծոյօգնականութեամբ, նոյն հաւատքի նախանձախնդրութեամբ եւ աղօթքով պէտք էշարուանկէք Ձեր ծառայաբեր կեանքը` ի սէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, ի սէրհայրենիքի եւ ի սէր Արեւմտեան թեմի: Ձեզ կը մաղթենք միայն եւ միայնքաջառողջ երկար կեանք, Ձեզ կը մաղթենք նաեւ առաւել կորով, եռանդ, որպէսզիեկեղեցին շարունակէք դարձնել Ձեր հոգեւոր կեանքի մնայուն առանցքն ուհիմքը: Ուստի անգամ մը եւս սրտագին, անկեղծ ու ջերմ սրտով կը շնորհաւորենքՁեզ` Հայրապետական Սրբատառ կոնդակի եւ <<Ս. Ներսէս Շնորհալի>>պատուոյ բարձր շքանշանի ստացման այս ուրախ եւ տօնական օրուան առթիւ>>: Ապա`վերջաւորութեան Սուրբ Պատարագի ներկաները եւ հիւերերըԱռաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյ կիցգտնուող Գարակեոզեան հանդիսասրահը, ուր տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, եւգեղարուեստական յայտագիր մը` կազմուած ազգային երգերէ: Ճաշկերոյթիններկայ էին տարբեր ծուխերէն ժամանած հոգեւորականներ, մտաւորականներ,թեմական զանազան կառոյցներու ներկայ եւ նախկին պատասախանատուներ, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելէսի մէջ ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոս` Տիար ԱրմէնՊայպուրտեանն իր տիկնոջ հետ: Մշակութային ձեռնարկէն առաջ, յաջորդաբար խօսք առին եւ իրենց սրտիբարեմաղթանքները յղեցին Տիար Դերիկ Ղուկասեանին` Ս. Պետրոս եկեղեցւոյհոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Շնորհք Աւ. Քհնյ. Տէմիրճեանը, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյծխական խորհրդի անդամները: Օրուան հանդիսավարն էր` Տիկին Սիլվա Խաչիկեանը: Միջոցառման վերջաւորութեանը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրն անգամ մը եւսԻր ուրախութիւնը եւ գնահատանքը յայտնեց <<Ս. Ներսէս Շնորհալի>> պատւոյբարձր շքանշանակիր Տիար Դերիկ Ղուկասեանը, ինչպէս նաեւ համայնքի եւներկայ բոլոր հիւրերուն, նշելով, որ նման այս օրինակները նորյառաջադիմութեան եւ զարգացման արշալոյսներ պէտք է բանան մերհամայքային եւ թեմական կեանքէն ներս: Ապա աղօթքով եզրափակուեց օրուանհանդիսութիւնը։