image

Նախարար Մաշնուք կրնայ դուրս գալ «Ալ Մոսթաքպալ» հոսանքէն. Պատճա՞ռը

Նախարար Մաշնուք կրնայ դուրս գալ «Ալ Մոսթաքպալ» հոսանքէն. Պատճա՞ռը

Լիբանանի Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք «Ալ Ախպար» թերթին հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ նախարարութիւնը դատախազութենէն բաժնելու որոշման դէմ իր արարկութիւնը կը վերաբերէր որոշման ներկայացման ոճին, սակայն այդ խնդիրը լուծուած է արդէն:

Մաշնուք նշած է, որ վարչապետ Հարիրիի հետ ինք թէ' քաղաքական, թէ' անձնական գետնի վրայ տարակարծութեան մէջ եղած է, սակայն երկար զրոյցէ եւ քննարկումէ ետք անձնական գետնի վրայ առկայ տարակարծութիւնը վերացած է, եւ Հարիրի երկու դրական քայլ ձեռնարկած է իր նկատմամբ:

Մաշնուք միաժամանակ շեշտած է, որ արձակուրդէն վերադառնալէն ետք որոշում պիտի կայացնէ «Մուսթաքպալ»ի շարքերէն հեռանալու եւ քաղաքական գործունէութիւնն ինքնուրոյն շարունակելու կամ մնալու վերաբերեալ: Նախարարը խոստացած է ամենայն հանդարտութեամբ կայացնել իր որոշումը: