image

Թուրքիա կը ցանկայ բարելաւել իր յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ. Պատճա՞ռը

Թուրքիա կը ցանկայ բարելաւել իր յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ. Պատճա՞ռը

Վերլուծաբան Պարաք Ռաւիտը խօսած է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու Իսրայէլի մտադրութեան մասին: Այս մասին կը յայտնէ ahvalnews.com լրատուական կայքը`յղում տալով իսրայէլական աղբիւրներուն:

Այս զարգացումը տեղի կ'ունենայ, Էրտողանի հրապարակաւ յայտարարութենէն ետք, որ կը ցանկայ բարելաւել յարաբերութիւնները Իրայէլի հետ՝ միեւնոյն ժամանակ շարունակելով մնալ Պաղեստինի կողքին:

Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները վատթարացած են 2008 թուականէն ի վեր:

Վերլուծաբանը ըսած է, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը յստակ չի գիտեր, թէ ինչպէս հասկնայ ազդանշանները, սակայն Արտաքին գործոց նախարար՝ Կապի Աշքենազին չորեքշաբթի օր այդ առիթով հանդիպում ունեցած է, որուն մասնակցած են պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Մոսատի բարձաստիճան անդամներ:

Էրտողանի նման մտադրութիւնը, ըստ հեղինակին, կապուած է ԱՄՆ-ի 46-րդ նախագահի՝ Ճօ Պայտընի ընտրութեան, որ, ամենայն հաւանականութեամբ, կարող է կոշտ մօտեցում ցուցաբերել Թուրքիոյ հարցով, իսկ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու ջերմացումը կ'օգնէ կանխելու այդ:

Ըստ վերլուծաբան Պարաք Ռաւիտին, իսրայէլցի պաշտօնեաները շատ ուշադիր են եւ ոչ մէկ պարագային կը փճացնեն Կիպրոսի կամ Յունաստանի հետ յարաբերութիւնները՝  Թուրքիոյ հետ զանոնք կարգաւորելու հաշւոյն:

Թուրքիոյ նախագահի կողմէ ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւններէն յետոյ ձեռնարկուած քանի մը քայլեր կ'ակնարկեն արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան վերահաշուարկի մասին, անոնց կարգին` Էրտողանի փեսայի՝ Պերաթ Ալպայրաքի հեռացումը ֆինանսներու նախարարի պաշտօնէն, Էրտողանի եւ անոր վարչակազմի կողմէ օրէնքի գերակայութեան շեշտադրումը, դատական ու տնտեսական բարեփոխումներն ու Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատան նոր կառավարիչի նշանակումը:

Լուրը՝ Tert.am-էն