Թէլ Աւիւի մօտ Ռուսիոյ դեսպանութիւնը ցաւալի համարած է իսրայէլեան Քնիսէթի հրապարակած օրէնքի նախագիծը, ըստ որուն 1932-1933 թուականներուն տեղի ունեցած դէպքերը Ուքրանիոյ ժողովուրդին դէմ կազմակերպուած ցեղասպանութիւն կը համարուի:
«Lebanon 24» կայքին փոխանցմամբ, Ռուսիոյ դիւանագիտական պատուիրակութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է, թէ նախորդ դարու երեսունականներուն նախկին Խորհրդային Միութեան բոլոր երկիրներուն մէջ ծայր առած համատարած սովը համամարդկային աղէտ էր համայն ռուս, ուքրանացի, ղազախիստանցի ժողովուրդներուն եւ խորհրդային այլ երկիրներու բնակիչներուն համար:
Յայտարարութեան համաձայն նման աղէտալի դէպքեր չեն կրնար միտումնաւոր կերպով քաղաքականացուիլ, եւ որպէս ցեղասպանութեան փորձ որակուիլ, որովհետեւ այն կը հակասէ պատմական իրողութիւններուն, եւ միլիոնաւոր զոհերու յիշատակի շահագործում կը համարուի:
Միաժամանակ Ռուսիոյ դեսպանութիւնը կոչ ուղղած է իսրայէլցի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն մանրամասնօրէն ուսումնասիրելու պատմական իրողութիւնները, շեշտելով, որ Քնիսէթի հրապարակած օրէնքի նախագիծը պատմութեան խեղաթիւրում է: