Սուրիա-(«Ալ մայատին»- Պէյրութ) Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն նոր պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են Սուրիոյ առնչութեամբ: Այս մասին կը յայտնէ ռուսական Գրէմլը: Աղբիւրը նաեւ կը հաւաստէ, որ պայմանաւորուածութիւնը մասնաւորապէս Դամասկոսի եւ շրջակայից հատուածներուն մասին է: Նշենք, որ Սուրիոյ մէկէ աւելի շրջաններու մէջ ծանր բախումներ տեղի կ'ունենան: Գրէմլը նաեւ խօսած է Ժընեւեան գործընթացներուն մասին յայտնելով խոր մտահոգութիւն կապուած բանակցութիւններու տապալման: Ռուսական կողմը նաեւ ըսած է, որ Սուրիոյ տագնապին առնչուող բոլոր կողմերը պէտք է շօշափելի ճիգ իրականացնեն բանակցութիւններու վերաշխուժացման համար: