image

Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն Սուրիոյ հարցով նոր պայմաւորուածութեան յանգած են

Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն  Սուրիոյ հարցով նոր պայմաւորուածութեան   յանգած են

Սուրիա-(«Ալ մայատին»- Պէյրութ) Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն  նոր պայմանաւորուածութիւն ձեռք  բերած  են Սուրիոյ    առնչութեամբ: Այս մասին կը յայտնէ ռուսական Գրէմլը: Աղբիւրը նաեւ  կը հաւաստէ, որ  պայմանաւորուածութիւնը   մասնաւորապէս  Դամասկոսի  եւ  շրջակայից  հատուածներուն    մասին է:       Նշենք, որ Սուրիոյ  մէկէ աւելի շրջաններու մէջ  ծանր բախումներ  տեղի   կ'ունենան:  Գրէմլը նաեւ   խօսած  է Ժընեւեան գործընթացներուն մասին յայտնելով  խոր մտահոգութիւն կապուած   բանակցութիւններու տապալման: Ռուսական կողմը նաեւ ըսած է, որ  Սուրիոյ տագնապին   առնչուող   բոլոր  կողմերը պէտք է շօշափելի ճիգ  իրականացնեն բանակցութիւններու վերաշխուժացման համար: