image

«Մեծ երեքշաբթի» օրուան Արաբական քուէն

«Մեծ երեքշաբթի» օրուան Արաբական քուէն

Մեզ ժամեր կը բաժնեն ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններէն: Վերջին տարիներուն բաւական աննախադէպ համարուած ընտրարշաւը հասած է իր լրումին: Անհատական, գաղտնի թղթածրարներու, անուանարկումներու եւ փոխ- հանդիմանութեանց մթնոլորտին մէջ մասնաւորապէս Դեմոկրատական թեկնածու ՝ Հիլըրիի Քլինթըն կարեւոր ջանք կը գործադրէ՝ «շահելու» համար իսլամ եւ մասնաւորապէս արաբ քուէարկողներու սիրտը:

Ան նոյնիսկ, իր ամուսինը «ուղարկած» է Միջիկըն՝  ուղղակի շփում ունենալու մեծ թիւով իսլամներու եւ արաբներու հետ:

Նոր չէ այս մշակոյթը, նոր չէ նաեւ աշխարհին ցոյց տալ, որ դեմոկրատականները Ամերիկայի «անտեսուած» արաբներուն հին- նոր բարեկամներն են:

Ու հետաքրքրական է նաեւ, որ Միջին Արեւելքի մէջ «տիրական զէնք» համարուող նաւթին մօտ Ամերիկայի տարածքին այսօր տիրական եւ ազդու զէնք դարձած է «Արաբական քուէն»: Բացի անկէ, որ նաւթին զէնք ըլլալու հանգամանքը կը գնահատուի տնտեսական կարեւոր գործօն մը ըլլալու հանգամանքով յստակ է նաեւ, որ Ամերիկա կանգնած է ոտքի եւ կը խօսի «մարդկային ներուժ»ի լեզուով:

 

 


 

Այսինքն արաբը թիւ է:

Արաբը բազմածին է:

Արաբը շատ է:

Արաբը աշխատասէր է:

Արաբը կարեւոր է:

Արաբը հաւատարիմ քաղաքացի է:

Եւ վերջապէս արաբը իսլամ է:

 

Մշակոյթներու եւ հաւատալիքներու պատուհանէն աշխարհին նայող Քլինթընի համար ալ շատ յստակ է, որ այսօր, աւելի քան որեւէ ժամանակ կարեւոր է նժարի վրայ դնել թուաքանակի խնդիրը:

 

Մարդը զէնք կը դառնայ, երբ թուաքանակի առումով երեւելի առաւելութիւն ունի բոլոր այն ցեղերուն դիմաց, որոնք կը գոհանան մաս կազմել «փոքր ընտանիքներով» ապրող ու կայացող «խոշոր» Ամերիկայի մը:

 

Արաբներու մասին ըլլալիք կարեւոր հարցադրումներէն անդին, հետաքրքրական է, որ ինչ կը մտածէ նոյն իսլամ-արաբը, որ «հիացած է» Պիլ Քլինթընի «Ֆէլէֆիլ» ուտելու սէլֆիներով:

 

Պահը քննութեան պահ է: Ու ամէնէն ծանր հարցադրումը, որ կը դրուի այսօր`արդեօ՞ք նոյն արաբը,   նախքան իր քուէն նետելը պիտի փորձէ «դատաստան»ի կանչել, բոլոր անոնք, որ Միջին Արեւելքի իր հարազատներուն ու մերձաւորներուն համար «Արաբական գարուն» անուան տակ «Արաբական դժոխք» ստեղծեց:

 

Սպասե՛նք: