image
Հրատապ լուրեր:

Մեսրոպեան արուեստից. Հաղորդակցութեան մարզին մէջ վարժողական ծրագիր՝ bt –ի աշակերտներուն համար

Մեսրոպեան արուեստից. Հաղորդակցութեան մարզին մէջ վարժողական ծրագիր՝ bt –ի աշակերտներուն համար

Մեսրոպեան արուեստից. Հաղորդակցութեան մարզին մէջ վարժողական ծրագիր՝ bt –ի աշակերտներուն համար

Նոյեմբեր 28-ին, Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանին մէջ ընթացք առաւ վարժողական նոր ծրագիր մը, որուն նպատակն է թեքնիքըլ պաքալորէայի (BT) աշակերտները պատրաստել ապագայի գործի մարտահրաւէրներուն եւ զանոնք օժտել համապատասխան գիտելիքներով եւ կարողութիւններով՝ յատկապէս բանաւոր եւ ոչ-բանաւոր հաղորդակցութեան մարզին մէջ:

Ծրագիրը կը բաղկանայ վարժողական 7 դասապահերէ, որոնց աւարտին աշակերտներուն պիտի շնորհուի Certificate in Public Relation Practices” վկայագիրը: Ծրագրի ղեկավարն է ԻՆՖՈՐՄԱ կազմակերպութեան վկայագրեալ  Ռեպեքա Պու Շըպըլ-ՄըքՄիլան, որուն հետ Մեսրոպեանի գործակցութիւնը կեանքի կոչուեցաւ ՈՒԱԶՆԱԹ խորհրդատուական եւ գործի արեւելումի կազմակերպութեան շնորհիւ:

 

Mesrobian Technical College

Public Relation Practices Training Program for BT Students

On November 28th, a new training program was launched at Mesrobian Technical College aiming at preparing the BT students for the challenges they might face in their future careers by helping them learn, exercise and adopt new skills and focus on achieving success through verbal and non-verbal communication.

This program consists of 7 sessions at the end of which students will receive ‘The Certificate in Public Relation Practices’.

These sessions are under the supervision of Ms. Rebecca Bou Chebel-MacMillan, an INFORMA accredited instructor, and with whom our cooperation started thank to the “Waznat” career counseling and professional orientation institution.