image
Հրատապ լուրեր:

Դեկտեմբեր 7 – Երկրաշարժի օր չէ միայն, այլ հաշուէտուութեան եւ վերարժեւորումի

Դեկտեմբեր 7 – Երկրաշարժի օր չէ միայն, այլ հաշուէտուութեան եւ վերարժեւորումի

37 տարիներ առաջ, 1988 թուականի դեկտեմբեր 7-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի պատմութեան մէջ սարսափազդու եւ աւերիչ երկրաշարժը, որ աւելի քան 25 հազար հայորդիներու կեանքը խլեց եւ տասնեակ հազարաւոր հայեր անտուն ու անօթեւան ձգեց:

Այսօր դեկտեմբեր 7-ը թուանշան մը չէ միայն օրացոյցին վրայ. ան հայուն ցաւի ու ողբի տարեթիւն է, տարեթիւ մը` նաեւ վերարժեւորումի ու հաշուետուութեան:

1988 թուականին Հայաստանը խորտակուեցաւ ահաւոր երկրաշարժով:

Կառոյցներ ու շէնքեր սարսափազդու քարակոյտերու վերածուեցան, անոնց մէջ մարմիններ կորսուեցան, բայց հայրենիքն ու պետութիւնը կանգուն էր իր իսկ խղճին մէջ` մեր լեռներուն պէս:

Ահաւոր կացութեան մէջ մայրեր իրենց զաւակները փնտռեցին փլատակներուն մէջ, հայրեր ձեռքերով քար փշրեցին, ոչ թէ որովհետեւ ուժ ունէին, այլ որովհետեւ ուրիշ ճար չունէին:

Այո՛, դեկտեմբեր 7-ին երկիրը դղրդաց եւ դարձաւ խոցուած ու աղէտալի, հայ բեկորներ ցնցուեցան, բայց երբեք չսասանեցան:

Եւ այսօր սփիւռք-հայրենիք ապրեցանք, ոչ թէ որովհետեւ մոռցանք աղէտը, այլ որովհետեւ ուզեցինք ապրիլ` ոտքի կանգնելու վճռակամութեամբ:

Այսօր, սակայն, 37 տարի ետք, Հայաստանը կրկին կը ցնցուի` ոչ բնութեան երկրաշարժի դղրդիւնով, այլ` մեր իսկ դաւաճան իշխանութեան սատանայական ծրագիրներով:

Այսօր փլուզումի կ՛ենթարկուին ոչ թէ հայրենիքի ամրակուռ շէնքերը, այլ փլուզումի ենթակայ են արամ մանուկեաններէն մեզի ժառանգ մնացած անկախ հայրենիքն ու գերեվարուած Արցախը:

Արցախ հայաշխարհը փուլ եկաւ ՀՀ դաւաճան վարչապետի ստորին քաղաքական հաշիւներուն զոհ երթալով պատճառ դառնալով տասնեակ հազարաւոր հերոս զաւակներու նահատակութեան, արցախահայութեան բռնի տեղահանութեան:

Եւ այս բոլորը կատարուեցան ոչ թէ բնական աղէտի պատճառով, այլ` քաղաքական դաւաճանութեամբ:

Այսօր նոյն այդ դաւաճան իշխանութիւնը ձեռքը երկարած է Հայոց առաքելական սուրբ եկեղեցիին:

Ահաւոր է պատահածը մեր հայրենիքին մէջ, եւ յատկապէս` լուսաւորչակերտ Սուրբ Էջմիածնի մայր տաճարին շրջակայքին ու զանազան եկեղեցիներու մէջ:

Հայրենի իշխանութիւններուն եւ յատկապէս, այսպէս կոչուած, վարչապետին կողմէ կատարուած անվայել հալածանքները Ամենայն Հայոց ազգընտիր եւ սրբալոյս միւռոնով օծուած հայրապետին դէմ, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան հոգեւորականներու ձերբակալութիւնները խորապէս կ՛ընկճեն համայն հայութեան հոգեւոր ու հոգեկան աշխարհը, եւ կարծէք Յոբի համբերութիւնն անգամ պիտի սպառէր` ի տես այս խայտառակութիւններուն:

Պատերազմ, ցաւ, արհաւիրք, տեղահանութիւն եւ կոտորած` անցնող 7 տարիներուն կարծես հայ մարդուն անբաժան ընկերակիցներ դարձած են:

Արցախի եւ արցախահայութեան վէրքերը տակաւին չսպիացած` նոր արիւնահոսութիւն մը կը դիմագրաւէ այս անգամ հայրենի մեր ժողովուրդը, եւ այսպէս հայուն ցաւն ու վէրքը անվերջ կը կուտակուին:

Սակայն Եկեղեցին հայկական, որ կանգուն մնացած է դարերու պատերազմներու, կոտորածներու ու հալածանքներու ընթացքին, երբեք չէ խոնարհած ո՛չ սուլթաններուն եւ ո՛չ մէկ պիղծ աթոռի առջեւ:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը խոցուի, ազգընտիր հայրապետն ու տասնեակ հոգեւորականներ կը թիրախաւորուին, որովհետեւ Եկեղեցին չխոնարհեցաւ եւ չծառայեց իշխանութեան սնանկ աթոռին:

1988-ին մեր երկրի սրտին հարուած տուող աղէտալի թշնամին բնութիւնն էր:

Այսօր մեր թշնամին մեր իսկ պետական համակարգն է` իր վարչապետով ու անոր  պնակալէզներով:

Դեկտեմբեր 7-ը այսօր կը յուշէ, որ հայ ժողովուրդը փիւնիկի նման փլատակներէն վեր բարձրացաւ, բայց հողին մէջ մեր լեզուն, Եկեղեցին ու արժանապատուութիւն չթաղեց:

Գրառումս յիշատակի անդրադարձ չէ միայն, այլ նաեւ ցասումի ու բողոքի արտայայտութիւն է` Արցախը դատարկողներուն, Եկեղեցին հալածողներուն, եւ պետութիւնը օտար շահերու ծառայեցնողներուն դէմ:

Իսկ դուն, հայ ժողովուրդ, մինչեւ ե՞րբ պիտի դիմանաս քու լռութեամբ:

Դեկտեմբեր 7-ը օր մըն էր, երբ քարերը կործանեցին Սպիտակի եւ Գիւմրիի հայրենի օճախները:

Այսօր չթողունք, որ թրքամէտ իշխանաւորներու քաղաքական ցնցումներու փլատակներն ու ղեկավարուած ղեկավար՝ վարչապետը բաժան բաժան ընեն մեզ ու կործանեն մեր անգին ազգը եւ հայրենիքը։

 

Յակոբ Ճանպազեան
«Ազդակ»

 

Թորոնթօ

Դեկտեմբեր 7 2025