image

Ոչ եւս է հանրայայտ մտաւորական եւ կուսակցական գործիչ Տօքթ. Արշակ Գազանճեան

  Ոչ եւս է  հանրայայտ մտաւորական եւ կուսակցական գործիչ Տօքթ. Արշակ Գազանճեան

Ամերիկահայութիւնը եւ յատկապէս Լոս Անճըլըսի Հնչակեան շրջանակները օրերս կորսնցուցին հանրայայտ մտաւորական, ազգային-կուսակցական յարգուած գործիչ եւ ՍԴՀԿ ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի օրկան՝ «Մասիս» երկար տարիներու գլխաւոր խմբագիր Տօքթ. Արշակ Գազանճեանը։Ստորեւ Պէյրութի մեր պաշտօնակից «Արարատ»էն քաղելով (կարգ մը յապաւումներով) «Արեւելք»ի ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք այս առթիւ հրապարակուած մահագրութիւնը։

Արշակ Գազանճեան անուն մը, որ խորհրդանիշը դարձաւ բազմաբեղուն գործունէութեան։ Ան իր ետին կը թողու մեծ բաց մը, ոչ միայն իր ընտանեկան շրջապատին համար, այլեւ ազգային-հասարակական-կուսակցական-գրական եւ մշակութային շրջանակներու մօտ նաեւ: Ինչ խօսք, ան բոլորին համար պատկառազդու ներկայութիւն մըն էր, ունենալով իր հանգամանաւոր խօսքն ու կշիռը շատ մը ոլորտներէ ներս:

Կեանքի պայմաններուն թելադրած թոհուբոհին բերումով, անոր կեանքի ուղին ունեցաւ երկու փուլ՝ լիբանանեան եւ ամերիկեան: Երկու վայրերուն մէջ ալ ան մնաց պատնէշի վրայ աննկուն՝ նո՛յն սկբունքներով, նո՛յն առաքելութեամբ եւ նո՛յն սրտեռանդ նուիրումով:

 Հանգուցեալ արմատները կը Արեւմտահայաստանի հերոսական՝ Հաճընէն։ Երիտասարդ տարիքին կ՚անդամակցի Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան։ Մասնագիտանալով ատամնաբուժութեան մէջ, երբեւիցէ չի լքեր ազգային-հասարակական կեանքը: Իր մէջ շեշտակիօրէն կային գրական խմորումներ. նաեւ՝ կազմակերպչական ունակութիւններ: Ի յաւելումն այս բոլորին՝ ան տրամադրուեցաւ անմնացորդ ծառայելու իր պատկանած հաւաքականութեանց եւ այդ ծիրէն ներս ստանձնեց պատասխանատու պաշտօններ ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմնի կազմէն ներս, ապա՝ ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութենէն ներս, ՀԿԲՄ-էն եւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութենէն ներս: Բազմաոլորտ այս գործունէութեանց դափնեպսակը պէտք է համարել իր հրապարակագրական վաստակը ե՛ւ Լիբանանի ե՛ւ ԱՄՆ-ի մէջ:

 

Ան հոյլ մը գաղափարական ընկերներու հետ եղաւ հիմնադիրներէն մին Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան եւ «Արարատ Գրական» թերթին, ուր երեւցան իր առաջին պատմուածքները: Գրական շնորհքով օժտուած Արշակ Գազանճեան, տակաւին երիտասարդ (30 տարիքը չլրացած), լոյս կ’ընծայէ «Անկարելի երազ» (1959) պատմուածքներու հատորը եւ աւելի ուշ՝ «Կեանքի համար» գիրքը (1966). իսկ երրորդ հատորը կը հրապարակէ 1984-ին՝ «Մերին Ամերիկան» խորագիրով: Այս հատորներով, ան գեղարուեստականօրէն կը պատկերէ սփիւռքահայ կեանքը իր տարատեսակ երեսակներով, ազգային-ընկերային հարցերով, իրապաշտ ընկալումներով, հրատապ խնդիրներով ու տուայտանքներով: Անտարակոյս, այս գործերով, ան իր մնայուն տեղը ապահոված է սփիւռքահայ գրականութեան մէջ:

Ան երիտասարդ տարիքին եղած է ուսուցիչ. ատենապետած է ՀԿԲՄ-ը՝ հանգանակութիւններով կանգուն պահելով Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճը: Այնուհետեւ՝ 1989-ին ընտանեօք կը փոխադրուի ԱՄՆ, ուր շուրջ երկու տասնամեակ կը ստանձնէ ՍԴՀԿ-ի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Շրջանի պաշտօնաթերթ «Մասիս» շաբաթաթերթի խմբագրապետութեան պաշտօնը: Մամուլի էջերով հանդէս կու գայ կուռ խմբագրականներով, դիպուկ առաջնորդող յօդուածներով եւ քաղաքական խորամիտ վերլուծութիւններով՝ ազգային, միջազգային, հայրենական, ամերիկեան, գաղութային, եկեղեցական, մշակութային հարցերու շուրջ: Բարեբախտաբար, 2020-ին, լոյս կը տեսնէ իր յօդուածներու ընտրանի ժողովածուն՝ «Մեր դիտանկիւնէն – Ազգային մտորումներ ու կեցուածքներ» (493 էջ) խորագրով (համադրում եւ խմբագրում՝ Ռուբէն Աւշարեանի): Հոն կը նկատենք շնորհալի հրապարակագիրը՝ իր լեզուական կտրուկ ոճով, տրամաբանական դատողութիւններով, անշահախնդիր մտահոգութիւններով եւ սրտցաւ մօտեցումներով: Արդարեւ, սփիւռքահայ մամուլի պատմութեան մէջ եւս ան ունեցաւ իր ներդրումը:

Կուսակցական առումով, ան եղաւ օրինապահ, կարգապահ, յանձնառու եւ բծախնդիր ղեկավար: Ժողովականութեամբ եւ բանախօսութիւններով ջերմօրէն պաշտպանեց իր դաւանած գաղափարախօսութեան ուղին: Եղաւ միջկուսակցական երկխօսութեան մարդը, չափաւոր, հանդուրժող, լսող եւ լեզու գտնող շրջահայեաց հնչակեանը: Աւելի քան երեք տասնամեակ մաս կազմեց կուսակցութեան վերին մարմինին՝ Կեդրոնական վարչութեան:

Ի պատիւ եւ առ ի գնահատանք իր բազմատասնեակ տարիներու քաղաքական, համայնքային, գրական, կրթական եւ բարեսիրական ծառայութիւններուն, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառը պարգեւատրած է զինք «Սբ. Մեսրոպ եւ Սբ. Սահակ» շքանշանով եւ Հայրապետական Օրհնութեան եւ Գնահատութեան Գիրով, 4 Դեկտեմբեր 2005-ին:

Այսպիսով, այս կեանքէն, լիարժէք հայորդի մը անցաւ լիուլի ծառայութիւններով, գրչի ու մտքի բեղուն գործերով, հաւատաւոր գործիչ մը՝ անշեղելի վարքագիծով, մտաւորական մը՝ ազգին ու հայրենիքին ցաւերով, պարկեշտ հայր մը եւ յանձնառու քաղաքացի մը՝ որուն անունն էր Արշակ Գազանճեան: Անցաւ ու միացաւ յաւերժութեան ճամբորդներուն:

 

 

 «Արեւելք» սգալով այս մեծ կորուստը խորին ցաւակցութիւններ կը յայտնէ հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն, ինչպէս նաեւ գաղափարակից ընկերներուն։

 

 Օտար հողը թող թեթեւ գայ վրադ յարգարժան՝ Արշակ Գազանճեան։