Իրանի իսլամական հանրապետութեան ազգային անվտնագութեան յանձնակատար զօր. Ալի Շամխանի այսօր ուշագրաւ յայտարարութիւներով հանդէս եկած է։
Իրանցի զօրավարը մասնաւորապէս ըսած է, որ Իրան Ամերիկան հարուածելու 13 սցենար ունի վստահեցնելով որ այդ հարուածներուն ամենաթոյլը մղձաւանջ պիտի դառնայ ամերիկեան ողջ պատմութեան համար։
Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ-Իրան լարուածութիւնը նոր վտանգաւոր փուլ մը մտաւ 2 յունուարէն սկսեալ, երբ Միացեալ Նահանգներ ռազմական գործողութիւն մը կատարելով սպաննեց Իրանի «Ալ Քուտս» զօրախումբի գլխաւոր հրամանատար զօր.Քասէմ Սուլայմանին եւ անոր ընկերակցող շարասիւնին մէջ եղող ինը այլ անձեր Պաղտատի օդակայանէն դուրս ելած պահուն։