Քիչ առաջ Իսրայէլ հարուածներ հասցուցած է Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսին։
«Սանա» գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական բանակի ՀՕՊ-երը կարողացած են համապատասխան կերպով վարուիլ իսրայէլեան հարուածներուն հետ։
Իսկ «Ալ Մարսատ ալ սուրի» կայքը հաղորդեց, որ իսրայէլեան ուժեր հարուածներ տուած են Դամասկոսի միջազգային օդակակայանին շուրջ գտնուող ռազմական պահեստանոցներու, որոնք ըստ աղբիւրին կը պատկանին բրօ-իրանեան ուժերուն։
Զոհերու մասին տուեալներ չեն հաղորդուիր։