image

«Մենք յաղթեցինք ահաբեկչութեան». Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Աուն

«Մենք յաղթեցինք ահաբեկչութեան». Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Աուն

Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ լրագրողներուն հետ հանդիպում մը ունենալով Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Աուն յայտարարեց. «Լիբանան յաղթեց ահաբեկչութեան»: Նախագահը նաեւ ըսաւ, որ այս յաղթանակը կը նուիրուի բոլոր լիբանանցիներուն:

Նախագահ Աուն նաեւ նշեց , որ լիբանանցիները պէտք է պահպանեն այս յաղթանակը: Ան դրուատիքով խօսեցաւ բանակի իրագործումներուն եւ արի կեցուածքին մասին, իր խօսքը լիբանանցիներուն ուղղելով կոչ  ըրաւ հեռու մնալ քաղաքական քաշքշուքներէ, դիտել տալով, որ «պէտք է հեռու մնանք անտեղի քաշքշուքներէ ու թոյլ չտանք, որ այդ խօսակցութիւնները մեզի մոռցնել տան մեր տարած յաղթանակը»:

Նշենք, որ նախագահի խօսքէն անմիջապէս ետք խօսքով հանդէս եկաւ լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզէֆ Աուն, որ նոյնպէս յայտարարեց լիբանանեան բանակի ահաբեկիչներուն դէմ գրանցած հերոսական յաղթանակին մասին: