Վիեննայի «Պրիսթըլ» հիւրանոցին մէջ քիչ առաջ աւարտած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընդլայնուած կազմով հանդիպումը՝ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի, ինչպէս նատւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Էնտրիւ Շոֆերի (ԱՄՆ), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիկի մասնակցութեամբ:
Այս պահուն երկու երկիրներու ղեկավարները Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակեն առանձնազրոյցի ձեւաչափով: