image

Մէկ շաբթուան ընթացքին հակառակորդը հրադադարի ռեժիմը խախտած է շուրջ 250 անգամ

Մէկ շաբթուան ընթացքին հակառակորդը հրադադարի ռեժիմը խախտած է շուրջ 250 անգամ

15-էն 21 Մարտն ինկած ժամանակահատուածին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին վրայ հակառակորդը խախտած է հրադադարի պահպանման ռեժիմը աւելի քան 250 անգամ` տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով  շուրջ 1900 կրակոց:

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը լիակատար վերահսկողութիւն կը պահպանեն առաջնագիծին եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: