image
Հրատապ լուրեր:

Մարդկութի՞ւն, թէ՞ հտպիտութիւն. Յակոբ Քորթմոսեան

Մարդկութի՞ւն, թէ՞ հտպիտութիւն. Յակոբ Քորթմոսեան

Այսօրուան աշխարհը իր ներկայ վիճակով, մեզի կը ներկայանայ որպէս ծայրայեղութիւններու հանրագումար մը: Ծայրայեղութիւններ, որոնք ամբողջութեամբ իրար հակասող են: Այս բոլորին մէջ ամէնէն տուժածը սակայն, ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆՆ է:

 

Պատերազմական, անապահովութեան եւ անորոշութեան այս տարիներուն, որ գրեթէ ամբողջ աշխարհին վրայ կը տիրեն, մարդը դարձած է հտպիտ մը, որ իրողութիւններու եւ պատահարներու հիման վրայ կը ներկանայ ընկերութեան: Այսպէս, օր մը կը ներկայնայ որպէս հաւատացեալ, յաջորդ օրը՝ անհաւատ, ուրիշ օր մը՝ քաղաքագէտ, ուրիշ օր մը՝ մարդասէր, ուրիշ օր մը՝ գազան, ուրշ օր մը՝ հոգեբան կամ փիլիսոփայ, մէկ խօսքով, օրը ինչ գոյն որ բերէ, այդ գոյնով ալ կը գունաւորուի:

 

Ամէնէն դժբախտ եւ ցաւալի պարագան այն է սակայն, երբ պատերազմի որպէս հետեւանք, տուժածի մը լուսանկարը տարածուի, ընտանիքի մը, անհատի մը եւ մանաւանդ մանուկի կամ երեխայի մը, եւ..., «մարդկութեամբ» վարակուածները ի յայտ կու գան: Ինչե՜ր, ինչե՜ր, ինչե՜ր ըսես չես գտներ այնտեղ: Մարդիկ, որոնք մարդկութեան հետ առնչութիւն իսկ չունին, յանկարծ կը դառնան «մարդասէր»: Մարդիկ, որոնք իրաւունքի ինչութենէն գաղափար իսկ չունին, կը դառնան «իրաւունքներու պաշտպան»: Մարդիկ, որոնք օր ցերեկով իրենց իսկ հարազատները կը կեղեքեն, յանկարծ կը դառնան «արդարութիւն պահանջող»:

 

Ողբամ զքեզ գունազարդ «մարդկութիւն»:

 

Կ'ուզե՞ս ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ մաս կազմել, հետեւաբար՝

ա) Նախ եւ առաջ սկսիր քեզմէ, դուն քեզ նախ կայացուր, դուն քեզ նախ կազմաւորէ:

բ) Սեփական նկարագիրդ կերտէ, եւ աշխատէ՛ որ միագոյն ըլլայ, եւ ո՛չ թէ բազմագոյն:

գ) Ունեցիր քու հիմնական սկզբունքներդ՝ որոնք հիմնուած ըլլան բացառապէս բարոյական արժէքներու վրայ, որոնց հիմքը Աստուածաշունչն է, այլապէս հտպիտ վիճակէդ դուրս չես կրնար գալ:

դ) Սրտցաւ ես, կը նեղուիս ի տես սրտաճմլիկ պատկերներու, պահ մը մտածէ սակայն, որ նոյն այդ սրտաճմլիկ պատկերները քու իսկ սեփական ընտանքիդ մէջ, քեզ շրջապատող ընկերութեան (թաղիդ, փողոցիդ, գիւղիդ ու քաղաքիդ) մէջ եւս կան: Ատկէ՛ սկսիր նախ եւ առաջ:

 

Ի վերջոյ, եթէ քեզի հանդիպած ցանկացած կարօտեալին կը մերժես, ինչ-ինչ պատճառաբանութիւններ տալով, կը նշանակէ տակաւին շա՜տ հեռու ես ՄԱՐԴԿՈՒԹԵՆԷ:

 

Մարդիկ, ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՄԲ վարակուեցէ՛ք, եւ ո՛չ թէ՝ «մարդկութեամբ», որ թարգմանի հտպիտութեամբ:

 

12 Սեպտեմբեր 2016