ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը երէկ, 23 Դեկտեմբերին ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ կողմ քուէարկած է իսրայէլեան վերաբնակեցման կասեցումը պահանջող որոշման, կը գրէ «Ալ Քուտս» լրատուական կայքը:
Որոշման նախագիծը, որ առաջարկուած էր Նոր Զելանտայի , Մալէզիոյ, Վենեզուելլայի եւ Սենեկալի կողմէ, արժանացած է խորհուրդի անդամ պետութիւններէն 14-ի հաւանութեան, մինչդեռ ԱՄՆ ձեռնպահ մնացած է:
ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի դեսպանը քննադատելով ԱՄՆ-ի ձեռնպահ մնալը ըսած է. «Կասկած չկայ, որ ԱՄՆ-ի նոր վարչակարգն ու ՄԱԿ-ի նոր քարտուղարը ՄԱԿ-Իսրայէլ յարաբերութիւններու նոր փուլի մը հիմնաքարը կը դնեն»:
Իր հերթին Պաղեստին Անվտանգութեան Խորհուրդի կողմէ վերաբնակեցման կասեցման որոշումը որակած է որպէս «ուժեղ հարուած» իսրայէլեան քաղաքականութեան:
Պաղեստինի Ազատագրման Կազմակերպութեան գործադիր խորհուրդի անդամ Հանան Աշրաուի ըսած է. «Գիտենք, որ նման որոշումներ ետ պիտի չպահեն Իսրայէլը, սակայն ցոյց կու տան, որ աշխարհ դէմ է իսրայէլեան ընդլայնման»:
Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի պաշտօնական գրասենեակը յիշեալ որոշումը համարած է անընդունելի, յայտարարելով. «Իսրայէլ պիտի չենթարկուի վերաբնակեցման վերաբերեալ Անվտանգութեան Խորհուրդի որոշման»:
Անվտանգութեան Խորհուրդի ընդունած որոշումը ապօրինի կը ճանչնայ 1967 թուականէն ետք Պաղեստինի մէջ հիմնուած իսրայէլեան գաղութները, այդ թուին՝ Արեւելեան Երուսաղէմը, պահանջելով անմիջապէս կասեցնել վերաբնակեցումը, նշելով, որ 1967-էն ետք տեղի ունեցած սահմանային փոփոխութիւնները պիտի չճանչցուին, մինչեւ զոյգ երկիրները՝ Պաղեստինն ու Իսրայէլը հաւանութիւն չյայտնեն:
Անվտանգութեան Խորհուրդը իր անդամ երկիրներէն պահանջած է նաեւ զատորոշել Իսրայէլի Պետութեան տարածքն ու 1967 թուականին գրաւուած հողերը: