Երէկ առաւօտ Դամասկոսի մէջ իր մահկանացուն կնքած է սուրիացի նկարիչ Մումթազ Ալ-Պահրա (1938- 2017), «Տար Ալ-Սաատէ»-ի («Երջանկութեան տուն») ծերանոցին մէջ, ինքնակամ մեկուսացումէ ետք: Այս մասին կը տեղեկացնէ լիբանանեան «Ալ-Ախպար»ը, գրելով, որ նկարիչի այլեւս բացակայ ըլլալու լուրը մէկէ աւելի սերունդներու տխրութիւն պիտի պատճառէ: Պահրայի անունը կապուած էր խումբ մը այլ նկարիչներու հետ հիմնադրած՝ սուրիացի սերունդներ ուղեկցած «Ուսամա» ամսագրին (1969), որ հարուստ էր Պահրայի վրձինի ծնունդ՝ զաւեշտային կերպարներով եւ արկածախնդրութիւննրով: Պահրան իր գործունէութեամբ անցեալ դարու 70-ականներուն, սուրիական «comics»ին առաջին ճանապարհ հարթողը եղաւ:
Հակառակ անոր կենաքէ հեռանալուն, Պահրա ներկայ պիտի մնայ սուրիացի յաջորդ սերունդներուն մօտ ալ, յատկապէս նախակրդարանի դասագիրքի հերոսներու՝ «Պասէմ եւ Ռապապ»ի անձնաւորութիւններով:
Պահրա շատ մը արաբական ամսագրերու եւ տարբեր մանկական պատմութիւններու գծագրողն է, ինչպէս՝ «Մաճէտ», «Սինտիպատ» եւայլն, իր վրձինին իւրայատուկ պարզութեամբ, կենսունակութեամբ եւ ճկուն գիծերով: Պահրա նաեւ մէկէ աւելի տեղական թերթրու ծաղրանկարիչ էր:
Մումթազ Ալ-Պահրան շիջեցաւ առանձնութեան մէջ, Պասէմն ու Ռապապը որբութեան մատնլով,- կը գրէ թերթը: