Լոնտոն հրապարակուող «Միջին Արեւելք» թերթը յօդուած մը հրապարակած է, ուր նշուած է, որ Լիբանանի Ազգային համալսարանի բազմաթիւ դատական խնդիրներուն եկած է միանալու նաեւ մէկը:
Աղբիւրին համաձայն, օրերս համալսարանաի նախագահ դոկտ. Ֆուատ Այյուպ բողոք ներկայացուցած է դասախօսական կազմէն պատմաբան ակադեմիկոս դոկտ. Իսամ Խալիֆէի դէմ, մեղադրելով վերջինս հայհոյանքներ եւ լուտանք հնչեցնելու մէջ:
Յօդուածագիրին պնդմամբ, Լիբանանի Ազգային համալսարանը անկման շեմին է, նկատի ունենալով բազմաթիւ խնդիրներու մէջ վերջինիս ներգրաւուածութիւնը:
Յօդուածագիրը նաեւ կոչ ուղղած է համալսարանի նախագահին հրապարակել իր վկայականը, որպէսզի վերջ տայ իր անուան շուրջ տարածուող լուրերուն, թէ ան իր դոկտորական վկայականը կեղծած է:
Նշուած եւ բազմաթիւ այլ խնդիրներ, վերջին տարիներուն պատճառ դարձած են, որ ուսանողներ խուսափին Լիբանանի պետական համալսարանէն ուսում ստանալէ, միաժամանակ զերծ մնալով նման խնդիրներու մէջ ներգրաւուելէ: