image

Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ

Լիբանանի  կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ

Լիբանանի նախագահ՝ Միշէլ Աունի ղեկավարած Ազգային Ազատ հոսանքէն անդամ մը յառաջիկայ օրերուն՝ խնդիրներու լուծման եւ Լիբանանեան կառավարութիւն կազմուելու հաւնականութեան մասին խօսած է: Այս մասին կը հաղորդէ Անատոլու գործակալութիւնը, աւելցնելով թէ խնդրի լուծումը կապուած է՝ երեք նախարարական ծառայողական թղթապանակներու բաժանման ձեւին հետ:

Աղբիւրը կը նշէ, թէ նախատեսուած կառավարութիւնը պիտի բաղկանայ 24 նախարարներէ, սակայն կրնայ 6 նախարարի (առանց թղթապանակի) յաւելում ունենալ, երկրի զանազան քաղաքական կուսակցութիւնները գոհացնելու համար:

Կառավարութեան կազմութեան խնդիրները հանգուցալուծելու ճանապարհին, վարչապետ Սաատ Հարիրի այցելութիւններ կատարած է՝ Մարատա հոսանքի ղեկավար՝ Սլէյման Ֆրանժիէի (որ Աունի հետ կը մրցէր նախագահական պաշտօնին), եւ մարոնիթ քարտինալ Արք. Պշարա Պթրոս Ալ-Րաաիի հետ, Պքրքէի մէջ :

Յայտնենք, որ Ֆրանժիէ լիբանանեան խորհրդարանի նախագահ՝ Նապիհ Պրրի հետ հանդիպումէն ետք, մամլոյ ասուլիսին յայտնած է. «Պրրիէն մեր իրաւունքը ստացանք. ինչպէս նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիէն, որ ճկուն եւ հասկցող էր: Կը յուսանք, որ միւսներն ալ՝ երկրի նախագահին գլխաւորութեամբ , նոյն ուղիին վրայ  ըլլան»:

Յիշեցնենք, որ 2.5 տարի տեւած Լիբանանի նախագահական աթոռի դատարկութեան ճգնաժամը, աւարտած էր հոկտեմբերի վերջը, Միշէլ Աունի ընտրութեամբ եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի նշանակումով: