image

Լիբանանի իրավիճակը չափազանց վատ է. Խորհրդարանի նախագահ Պըրրի

Լիբանանի իրավիճակը չափազանց վատ է. Խորհրդարանի նախագահ Պըրրի

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի յայտնած է, որ Լիբանանի տնտեսական իրավիճակը չափազանց վատ է:

«Ալ Ճումհուրիէ» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Պըրրի իր այցելուներու ներկայութեամբ անդրադարձած է երկրի ծանր կացութեան, շեշտելով, որ անհրաժեշտ է անյապաղ քայլեր ձեռնարկել երկիրը տնտեսական ճգնաժամէ փրկելու համար:

Պըրրի դիտել տուած է նաեւ, որ ընտրութիւններէն ետք կառավարութեան ստեղծումը արագացնելու տրամադրուածութիւն նկատելով որոշած է պատգամաւորական յանձնաժողովներու ընտրութիւնները յետաձգել մինչեւ կառավարութեան ստեղծումը, սակայն ներկայ իրավիճակը շարունակուելու պարագային, ինք պիտի ստիպուի կոչ ուղղել պատգամաւորներուն հաւաքուելու եւ պատգամաւորական յանձնաժողովներու ընտրութիւն կազմակերպելու: