Լիբանանեան զօրքը Արսէլ քաղաքի մէջ արդէն կը պատրաստուի մղելու իր վերջին յաղթական արշաւը:
«Ալ Նուսրա» ճակատը Արսէլէն դուրս քշելէն ետք, լիբանանեան բանակը , համագործակցելով «Հըզպալլա» կուսակցութեան եւ սուրիական բանակին հետ պատրաստած է իր յարձակումը Արսէլի երկրորդ ճակատամարտին:
Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Ալ Ժատիտ» կայանը նշելով, որ «Տահէշ» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը տարածած է իր ուժերը լեռնային այն շրջաններուն մէջ , որոնք կը համարուին վտանգաւոր շրջաններ:
Լիբանանեան բանակի մօտիկ կանգնող աղբիւրներ հաղորդած են, որ «Տահէշ» կազմակերպութեան գլխաւոր առաջնորդները որոշած են ինքնասպանական գործողութիւններ կատարել իրենց շուրջ գտնուող քրիստոնէական գիւղերուն մէջ: