image

Կասկածներ կան, որ Ատրպէյճանեան բանակի զինուորներ թաղուած են պատերազմի ժամանակ. Ա. Բեգլարեան

Կասկածներ կան, որ Ատրպէյճանեան բանակի զինուորներ թաղուած են պատերազմի ժամանակ. Ա. Բեգլարեան

 

«ՀԵՏՔ»էն  կը կարդանք, թէ կասկածներ կան, որ զոհուածներու մէկ մասին ատրպէյճանական կողմը թաղած է մարտական գործողութիւններու ժամանակ կամ անկէ ետք.

Արցախը անպայման պիտի ունենայ պաշտպանական հիմնարկ։ Այլ հարց է՝ կը կոչուի բանակ, պաշտպանական ուժեր կամ պաշտպանական զօրքեր, բայց գործառնութեան առումով Արցախը պիտի ունենայ բանակ: Այս մասին «Հետք»-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Արցախի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Արտակ Բեգլարեանը՝ նշելով, որ բանակը պիտի ապահովէ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը ռուս խաղաղապահներու անվտանգութեան երաշխիքներուն զուգահեռ։

 

«Ի հարկէ, Ատրպէյճանը շատ կ'ուզէր, որ Արցախում ոչ մի զինուած մարդ չլինէր, կարծում եմ՝ շատ կ'ուզէր նաեւ, որ ռուս խաղաղապահ էլ չլինէր։ Ատրպէյճանի ցանկութիւնն այս առումով որեւէ նշանակութիւն չունի»,-յայտարարած է Արտակ Բեգլարեանը։

Անյայտ կորսուածներու եւ գերիներու հարցերը յետպատերազմական Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ամենացաւոտն են։ Զոհերու աճիւնները յայտնաբերելէ ետք ալ երկար ժամանակ կը պահանջուի նոյնականացման համար։

Արցախի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի համար ակնյայտ է, որ նոյնականացման ոլորտին մէջ մեծ խնդիրներ եղած են։ Մարմիններու հաւաքագրման, դիահերձարան տեղափոխելու, դիահերձարանէն մէկ այլ դիահերձարան տեղափոխելու ժամանակ տուեալներու փոխանցումը ձգձգումով եղած է, բայց ամենամեծ խնդիրը եղած է եւ կը մնայ DNA հետազօտութիւններու անցկացումն ու տուեալներու վերլուծութիւնը։

Յունուարին DNA երկրորդ սարքի տեղադրմամբ քիչ մը արագացուած է գործընթացը, որ հնարաւոր էր աւելի շուտ իրականացնել։ Հարիւրաւոր մարմիններ դեռ ճանչցուած չեն։

Արցախի մէջ կասկածներ ունին, որ զոհուածներու մէկ մասին յուղարկաւորեր են: Ատրպէյճանական կողմը թաղած է մարտական գործողութիւններու ժամանակ կամ անկէ ետք։  Յստակ դէպքերով, մասսայական գերեզմանները բացուած են, բայց դեռ այս ուղղութեամբ աշխատանքներ կան կատարելու։

Մանրամասները՝ սկզբնաղբիւրէն: