Լիբանանի առողջապահութեան նախարարը , երէկ հերթական «ռումբ» մը պայթեցնելով խօսեցաւ լիբանանցիներու կողմէ սպառուող ցորենին՝ քաղցկեղային նիւթեր պարունակելու մասին: Նախարարը,որ կը կոչուի Ուաէլ Ապու Ֆահուր (Տիւրզի), նախքան երկրին մէջ սկիզբ առած «աղբի տագնապ»ը մեծ արշաւ մը սկսած էր կապուած ճաշարաններու եւ սննդամթերքի հաստատութիւններու վաճառած սնունդին վերաբերեալ եւ փակել տուած կամ արգելափակած հարիւրաւոր վաճառատուներ (որոնց մէջ յայտնի եւ Brand համարուած ճաշարաններ) երէկ դարձեալ իր վրայ կը կեդրոնացնէր լուսարձակները: Ան առանց բառերը ծամծմելու կը յայտնէր, որ հացեղէններու պատրաստման համար լիբանանեան փուռերուն կողմէ օգտագործուած ցորենը կը պարունակէ առողջապահական հիմնական կանոններով հաստատուած չափերէն շատ աւելի մեծ քանակութեամբ Ochratoxine անունով նիւթ, որ սնկային նիւթ է եւ կրնայ մարդուս մէջ քաղցեկղի պատճառ հանդիսանալ: Ուրեմն լիբանանցիներու մեծագոյն հատուածը, որոնք փուռերէն «տաք հաց» առնելու կը վազեն, հակամէտ են քաղցկեղ հիւնադութիւն ունենալու: Այդ քաղաքացիներուն մէջ կան նաեւ մեր հայրենակից լիբանանահայերը: Բաւական խրթին, վտանգաւոր եւ մարդուս համար ամէնէն թանկ համարուող առողջութեան հարցը կարմիր գիծ է: Չնայած անոր, որ երէկ իբրեւ Միջին Արեւելքի Փարիզ ճանչցուած Փիւնիկեան ափին վրայ այդ կանոնները վաղուց խախտուած են: Ու տակաւին չենք խօսիր, լիբանանեան հիւանդանոցներուն մէջ վերջին 20 տարիներուն քաղցկեղէ տառապողներուն թիւի բացայայտ աճին մասին:
Այս բոլորէն բացի լաւ պիտի ըլլար, որ Լիբանանի հայկական մարմինները, շտապեն այս թեման բարձրաձայնել ամէնաբարձր ամպիոններու առջեւ:
Պարոնայք, հոգեւոր հացի մասին խօսիլը բաւարար չէ: Ազգային պատկանելիութեան, հայկական հարցի, քրիստոնէական հաւատքի, հայկական արմատներու մասին քարոզներ տալէն առաջ Լիբանանի պատասխանատուները (բոլոր մակարդակներու վրայ) պարտաւոր են այս հարցը իրենց սեղանի հիմնական օրակարգը դարձնել:
Եթէ այս մօտեցումը տեղ չգտնէ, կարելի է հասկնալ, որ լիբանանահայութեան պատասխանատուները, որոնք տարբեր առիթներով բեմերէն մեծ լոզունգներ կը շռայլեն, կուզեն ըսել, որ «հայեր հաց մի ուտէք» ...
Կարեւոր այլընտրանք է Հայաստանի հողին վրայ, մեր ջուրով եւ արեւով հասնող ցորենի հացը, ու մեր հայրենակիցները այսօր այդ հացով սնուելու հոյակապ առիթներ ունին:
Այսօր Հայաստանը երկաթէ վարագոյրներու ետին չէ, ահա եւս մէկ կարեւոր այլ պատճառ Հայրենիք դառնալու:
Հացը մեր կեանքին իմաստն է, ու թունաւորուած հաց ուտելը պիտի խաթարէ մեզ: Բոլոր իմաստներով: