Պատերազմը դադրեցնելու ծրագիրը յանձնուած է Փաքիստանին, գնդակը Ուաշինկթընի դաշտին մէջ է։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Քազեմ Ղարիպապատին։
«Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը իր ծրագիրը ներկայացուցած է Փաքիստանին՝ որպէս միջնորդ, պարտադրուած պատերազմը վերջնականապէս դադրեցնելու նպատակով, եւ հիմա գնդակը Ամերիկայի դաշտին մէջ է՝ ընտրելու դիւանագիտութեան ուղին կամ շարունակելու բախման ընթացքը»,- Թեհրանի մէջ օտարերկրեայ դեսպաններուն ըսած է Ղարիպապատին։
Ան յայտարարած է, որ Թեհրանը պատրաստ է երկու սենարներուն ալ, ներառեալ՝ հնարաւոր յարձակումները ետ մղելը, բայց կը շարունակէ յանձնառու մնալ ազգային շահերու վրայ հիմնուած բանակցութիւններուն։