image

Արեւելեան Թեմ. Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. ընդունած է Ֆերահեան Վարժարանի խումբ մը սաներ

Արեւելեան Թեմ. Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. ընդունած է  Ֆերահեան Վարժարանի խումբ մը սաներ

Օրերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք.  Դանիէլեան ընդունած է  Լոս Անճըլըսի  Ազգային Ֆերահեան Վարժարանի խումբ մը աշակերտներ։

Ստորեւ այդ մասին տրուած հաղորդագրութիւնը՝

Հինգշաբթի, 23 Ապրիլին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Արժ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեան՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ (Նիւ Եորք) հոգեւոր հովիւ, ընդունեցին Լոս Անճըլըսի «Ֆերահեան» վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտները, իրենց ուսուցիչներով եւ պատասխանատուներով, որոնք եկեղեցին այցելեցին իբրեւ մէկ մասը իրենց արտադասարանային ծրագրի դէպի արեւելեան շրջան ճամբորդութեան։

Տէր Մեսրոպ քահանայ բարի գալուստ մաղթեց եւ ուրախութիւն յայտնեց, թէ շրջանաւարտներու այցելութիւններու այս աւանդութիւնը այսօր եւս կը շարունակուի։ Մեթր Քրիս Բարնակեան, որպէս «Ֆերահեան» վարժարանի առաջին տարիներու շրջանաւարտ, բոլորին մաղթեց, որ յաջողութեամբ պսակեն իրենց ծրագիրները կեանքին մէջ, օգտակար ըլլալով համայնքին։ Սրբազան Հայրը գնահատեց դաստիարակչական այս ծրագիրը եւ քաջալերեց, որ աշակերտները օգտագործեն իրենց ուսման տարիները եւ իրենց ամբարած պաշարը լաւագոյնս կիրարկեն իրենց կեանքին մէջ։