Նախագահի ընտրութիւնէն ետք սկիզբ առած քննարկումները պասկուեցան յաջողութեամբ, երբ Լիբանանի քաղաքական գլխաւոր ուժերը համաձայնութիւն գոյացուցին ընտրական նոր օրէնքի մը վերաբերեալ: Յայտնենք, որ զօր. Միշէլ Աունի նախագահութեամբ այսօր գումարուելիք կառավարական նիստին ընթացքին այդ օրէնքը համաձայնաբար պիտի որդեգրուի եւ ապա ուղղարկուի խորհրդարան վերջնական վաւերացման համար:
Երկիրը 15 ընտրական մեծ կեդրոններու բաժնող օրէնքը համեմատական հիմունքներով պատրաստուած օրէնք մըն է, որուն հիմնական նպատակը համայնքային արդար ներկայացուցչութիւնը ապահովելն է: Յիշեցնենք, որ Լիբանանի վերջին ընտրութիւնները տեղի ունեցած էին յունիս 2009-ին եւ տարբեր պատճառներով անցնող 8 տարիներուն երկրի խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգուած էր: Նոր օրէնքին կիրարելիութեան թէքնիք դժուարութիւնները հարթելու համար շատ հաւանական է, որ ընտրութիւնները կայացուին յառաջիկայ 2018 տարուան գարնանամուտին:
Յիշեցնենք, որ Լիբանանի խորհրդարանին մաս կը կազմեն 6 հայ երեսփոխաններ, որոնք կը ներկայացնեն հայկական աւանդական երեք կուսակցութիւններն ու յարանուանութիւնները: