Մինչ Լիբանան կը պատրաստուէր տօնական մթնոլորտի մը մէջ նշել երկրի սահամանային (Սուրիոյ հետ) բոլոր հատուածներէն ահաբեկչական խմբաւորումներու վտարումը, բանակի գերի ինկած զինուորներուն սպաննուած ըլլալուն մասին կիսապաշտօնական տուեալները յաւելեալ լարուածութիւն ստեղծեցին երկրին մէջ:
Խնդիրն այն է, որ քաղաքացիական հասարակութեան անդամներ (տեսնել «Արեւելք» բաժնին մէջ քիչ առաջ հրապարակուած լուրը) բողոքի ձայն կը բարձրացնեն, յայտարարելով, որ 2014-ին երբ բանակը կը պատրաստուէր մահացու հարուած տալ «Տահէշ»ին ու այդ կերպ ազատագրել գերի ինկած ինը զինուորները, անդին մինչեւ այս պահը անհասկնալի մնացած պատճառներով բանակը կը դադրեցնէր ռազմական գործողութիւնները, այդպիսով «Տահէշ»ին տալով ոսկի առիթ իր չար գործը կատարելու համար:
Այս բոլորէն անդին բացայայտ է, որ այս թեման տակաւին կրնայ ծաւալիլ ու նոյնիսկ քաղաքականացուիլ:
Ցաւալի փաստ է, որ մինչ զինուորներու ծնողները «կրակի վրայ նստելով» կը սպասեն իրենց զաւակներուն ինքնութիւնը փաստող DNA-ի քննութիւններու արդիւնքները, անդին «Տահէշ»ի ահաբեկիչները առոք- բարոք եւ լաւագոյն պայմաններով կը հեռանան դէպի Սուրիոյ իրենց շրջանները:
Լիբանանի պէս երկրի մը մէջ, ուր քաղաքական եւ յարանուանական շահերը այդքան խճճուած են, յստակ է, որ բանակը կը դառնայ «գին վճարելու» ամէնէն հաւանական աղբիւրներէն մին:
Առաջին անգամը չէ, որ նման դէպք կը պատահի, բայց ցաւալին այն է, որ այս «խաղ»ին ամէնէն թանկ գին վճարողները երկրի քաջարի բանակի զինուորներն ու անոնց անձնուէր ծնողներն են:
Յստակ է նաեւ, որ առաջ տարուած «խաղը» միայն տեղական բնոյթ չունի, այլ տեղի ունեցածը շրջանային ու միջազգային ուժերու «իրականացուցած» պարանաձգութեան մէկ հիմնական մասն է: