«Ալ Մայատին» կայանը այսօր ուշագրաւ հրապարակումով մը անդրադարձած է Լիբանանի ելեւմտական իրավիճակին։
Կայանը, որ երկրին մէջ տիրող վիճակին մասին կարճ զրոյց մը կատարած է ելեւմտական փորձագէտի մը հետ, յանգած է այն եզրակացութեան, որ Լիբանանը կ՚ապրի իր տնտեսութեան ամենաբարդ ժամանակները։
Աղբիւրը, որ չէ նշած փորձագէտին անունը, նշած է, որ եթէ երկրին մէջ առկայ քաղաքական անորոշութիւնը շարունակուի, ապա Լիբանանը պիտի յայտնուի ամբողջական փլուզման առջեւ:
Փորձագէտը նաեւ նշած է, որ յառաջիկայ տարին Լիբանանի համար կարեւոր տարի մըն է, իր արտաքին պարտքերէն մաս մը վճարելու առումով, նկատել տալով, որ այսօր առկայ վիճակը եթէ շարունակուի, ապա Լիբանան պիտի չկարողանայ իր վրայ եղած նիւթական պարտաւորութիւնները կատարել։
Փորձագէտը աւարտին ըսած է, որ լիբանանեան դրամատուներն այսօր շատ վատ դերի մը մէջ են եւ քաղաքացիներուն պատկանած գումարները դարձած են պատանդ՝ այդ դրամատուներուն ձեռքը։