Լիբանանի կառավարութեան ապահովական աղբիւրներ յայտատարած են, որ մտավախութիւններ կան, որ «Ալ Նուսրա» խմբաւորում երկրին մէջ «քնացած բջիջներ» թողած է:
Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է «Ալ Ժումհուրիյա» պարբերականը: Ըստ թերթին բանակի մօտիկ կանգնած աղբիւրներ մտավախութիւններ ունին, որ «Ալ Նուսրա» ճակատը կը փորձէ ահաբեկչական գրոհներ իրականացնե եւ «իր վրէժը լուծել»:
Նոյն առումով բանակը յայտարարած է արտակարգ իրավիճակ, եւ զգուշացուցած Արսէլի շուրջ գտնուող գիերու բնակիչները:
Յիշեցնենք, որ Արսէլի պատերազմին ընթացքին բացայայտուեցաւ սուրիացիներու եւ պաղեստինցիներու գաղթակայաններուն մէջ տեղակայուած մեծ քանակով զէնքեր եւ նոյնիսկ «Ալ Նուսրա»ի ահաբեկիչ զինեալներ: