image

Տանըլտ Թրամբ մտադիր է «վրէժ լուծել». Politico-ի անդրադարձը

Տանըլտ Թրամբ մտադիր է «վրէժ լուծել». Politico-ի անդրադարձը

ԱՄՆ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամբ, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի վերադառնայ աշխոյժ քաղաքական գործունէութեան Սենատի մէջ իր դէմ պաշտօնանկութեան գործընթացի (իմփիչմընթի) աւարտէն ետք: Այս մասին գրած է Politico-ը՝ վկայակոչելով պետութեան նախկին ղեկավարին մօտ կանգնած աղբիւրները:

Միեւնոյն ժամանակ, իմփիչմընթի հետ կապուած իրավիճակը, անոնց կարծիքով, դեռ կը զարգանայ յօգուտ նախկին նախագահի:

«Քափիթոլիումի գրոհի դէպքէն անցած է մէկ ամիս, եւ ես կ'ըսէի, որ մեծ մասամբ Հանրապետական կուսակցութիւնը կրկին կը հաւաքուի անոր շուրջ»,- ըսած է աղբիւրը:

Թերթի զրուցակիցները պնդած են նաեւ, որ իմփիչմընթի գործընթացը իրականութեան մէջ օգտակար է Թրամբի համար, քանի որ այդ կերպ հնարաւոր կը դառնայ ճանչնալ նախկին նախագահին ոչ  հաւատարիմ հանրապետականները:

Ըստ հրապարակման աղբիւրներու՝ իմփիչմընթի գործընթացի աւարտէն ետք Թրամբ, որ այժմ դուրս եկած է քաղաքական դաշտէն, պիտի վերադառնայ աշխոյժ գործունէութեան եւ պիտի կեդրոնանայ իրմէ երես թեքած հանրապետականներէն վրէժ լուծելու վրայ:

Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատը Քոնկրէսի շէնքին մէջ անկարգութիւններ հրահրելու մեղադրանքով 13 յունուարին 232 կողմ եւ 197 դէմ ձայներով Թրամբի նկատմամբ իմփիչմընթ յայտարարած էր: