Ահաբեկչական ծանր յարձակումներ եղած են լիբանանեան Պեքաա շրջանին մէջ: Լրատուական աղբիւրներ կը յայտնեն, որ այսօր վաղ առաւօտեան անձնասպանական չորս պայթումներ լսուած են Ալ Քահ քրիստոնէական աւանին մէջ: Պայթումներուն հետեւանքով զոհուած են 5 անձեր եւ կան տասնեակ վիրաւորներ: Աւանի քաղաքապետ Պաշիր Մաթար խօսելով տեղական ռատիոկայանի մը յայտնած է, թէ 4 ահաբեկիչներ աւան թափանցած են Մաշարիհ Ալ Քահ շրջանէն եւ կը համարուի Սուրիոյ կից եղող սահմանային աւան մը: Քաղաքական մէկէ աւելի պատասխանատուներ դատապարտած են պայթումները եւ շեշտած երկրի բանակին զօրավիգ ըլլալու կարեւորութիւնը: Վերջին շաբաթներուն մէկէ աւելի աղբիւրներ զգուշացուցած էին Լիբանանին սպառնացող ահաբեկչական յարձակումներէ: Յիշեցնենք, որ Ալ Քահ աւանը քրիստոնէական աւան մըն է եւ մինչեւ այս պահը, ոչ մէկ կողմ ստանձնած է պայթումներուն պատասխանատուութիւնը:

