image

Լիբանան. Ահաբեկչական յարձակումներ Ալ Քահ Քրիստոնէական աւանին վրայ. Կան 5 զոհեր

Լիբանան. Ահաբեկչական  յարձակումներ  Ալ Քահ   Քրիստոնէական աւանին վրայ. Կան 5     զոհեր

Ահաբեկչական  ծանր յարձակումներ եղած են  լիբանանեան Պեքաա շրջանին մէջ: Լրատուական  աղբիւրներ  կը յայտնեն, որ այսօր վաղ  առաւօտեան     անձնասպանական չորս պայթումներ  լսուած են   Ալ Քահ քրիստոնէական աւանին մէջ: Պայթումներուն հետեւանքով զոհուած  են 5 անձեր եւ կան տասնեակ վիրաւորներ:  Աւանի քաղաքապետ Պաշիր  Մաթար  խօսելով   տեղական ռատիոկայանի մը  յայտնած է, թէ 4 ահաբեկիչներ աւան  թափանցած են Մաշարիհ Ալ Քահ շրջանէն  եւ  կը համարուի Սուրիոյ կից եղող  սահմանային աւան մը: Քաղաքական   մէկէ  աւելի     պատասխանատուներ  դատապարտած են   պայթումները  եւ  շեշտած  երկրի բանակին    զօրավիգ ըլլալու  կարեւորութիւնը: Վերջին շաբաթներուն     մէկէ աւելի աղբիւրներ  զգուշացուցած էին  Լիբանանին սպառնացող   ահաբեկչական  յարձակումներէ: Յիշեցնենք, որ Ալ  Քահ աւանը  քրիստոնէական աւան մըն է եւ մինչեւ այս  պահը, ոչ մէկ կողմ ստանձնած է   պայթումներուն պատասխանատուութիւնը: