image

Լաւրով եւ Մամետեարով իրենց բանակցութիւններուն մէջ պիտի անդրադառնան ղարաբաղեան հարցին

Լաւրով եւ Մամետեարով իրենց բանակցութիւններուն մէջ պիտի անդրադառնան ղարաբաղեան հարցին

Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովն ու Էլմար Մամետեարով այսօր Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններ պիտի վարեն, որու ընթացքին պիտի քննարկուին տարածաշրջանային եւ միջազգային խնդիրներ, այդ շարքին՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցը, կը գրէ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը:


Նշենք, որ Մամետեարովի այցը Մոսկուա տեղի ունեցած է Ռուսաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ, որ պիտի նշուի 4 ապրիլին: