ՀՀ քննչական կոմիտէի ԵՔՔՎ Մալաթիա–Սեբաստիա վարչական շրջաններու քննչական բաժնէն ներս յարուցուած է քրէական գործ՝ ապօրինի զէնք կրելու եւ սպանութեան փորձ կատարելու դէպքի առթիւ: Այս մասին կը յայտնեն ՔԿ-էն:
Նախնական տուեալներով՝ 5 ապրիլ, 2019-ին՝ ժամը 08։10-ի սահմաններուն, Ոստիկանութեան Մալաթիայի բաժին ահազանգ ստացուած է այն մասին, որ Հարաւ-Արեւմտեան թաղամասի Անդրանիկի փողոցի շէնքերէն մէկուն բակին մէջ կրակոցներ հնչած են եւ կայ վիրաւոր։
Անմիջապէս դէպքի վայր մեկնած է քննչական խումբ:
Պարզուած է, որ նշուած հասցէէն հրազէնային վիրաւորումով «Աստղիկ» բժշկական կեդրոն տեղափոխուած է Երեւան քաղաքի` 1979-ի ծնունդ տղամարդ:
Կատարուած քննչական, դատավարական եւ այլ գործողութիւններու արդիւնքով պարզուած են դէպքի կարգ մը հանգամանքներ, այդ շարքին` շարժառիթը եւ առերեւոյթ յանցագործութիւն կատարած անձի ինքնութիւնը, որ Երեւան քաղաքի բնակիչ է (1962-ի ծնունդ): Վերջինս այս պահուն բերման ենթարկուած է Ոստիկանութեան Մալաթիայի բաժին:
Քրէական գործով նախաքննութիւնը կը շարունակուի:
Յիշեցնենք, որ Shamshyan.com-ը յայտնած էր, որ հրազէնային վնասուածք ստացած անձը կը ծառայէ ՀՀ ՊՆ N զօրամասին մէջ՝ որպէս հրամանատար։