image

Կիւլէնականներու դէմ հետախուզական գործողութիւններն ու ձերբակալութիւնները կը շարունակուին Թուրքիոյ մէջ

Կիւլէնականներու դէմ  հետախուզական գործողութիւններն ու ձերբակալութիւնները կը շարունակուին Թուրքիոյ մէջ

Թուրքիոյ իշխանութիւնները հետեւողականօրէն կը շարունակեն երկրի սեփական եւ պետական ոլորտները կիւլէնականներէ մաքրելուն ուղղուած գործողութիւնները: Այս մասին յայտնած է թրքական «haberler.com» լրատուական կայքը:

Թուրքիոյ Տենիզլի նահանգի ոստիկանութեան մաքսանենգութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վարչութեան աշխատակիցները կիւլէնականներու դէմ ուղղուած հետախուզական գործողութիւններու հետեւանքով ձերբակալած են Տենիզլիի մէջ կաթնամթերքի արտադրութեամբ զբաղող յայտնի «Անէս Կըտա» ընկերութեան 17 աշխատակիցներ:

Թուրքիոյ մէջ արտակարգ դրութեան ռեժիմի ծիրին մէջ ամէն օր կ'իրականացուին ձերբակալութիւններ` հիմնականին մէջ կիւլէնականութեան եւ յեղաշրջման փորձին մասնակցութիւն ունենալու մեղադրանքներով:

Թուրքիոյ նախագահ էրդողան նմանօրինակ քաղաքականութեամբ կը ցանկայ կոտրել իշխանութիւններու նկատմամբ եղած բոլոր հակազդեցութիւնները: