ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր ֆէյսպուքեան էջին տեսանիւթ հրապարակած է Խըրխզիստանի մէջ «Tengri 2019» ամենամեայ միջազգային երաժշտական փառատօնի բացման արարողութենէն, որուն մասնակցած են Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին մասնակցելու նպատակով Խըրխզիստանի Իսիք Քուլ շրջան այցելած ԵԱՏՄ անդամ կառավարութիւններու ղեկավարները. «Իսիք Քուլի երաժշտական փառատօնին ներկաներուն հիացուց մեր հայրենակից, թենոր Գոռ Արսէնեանը, որ կատարեց նաեւ հայկական ստեղծագործութիւն»,-գրած է Նիկոլ Փաշինեանը։