image
Հրատապ լուրեր:

Կարօ Փայլան ելոյթ պիտի ունենայ Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ

Կարօ Փայլան ելոյթ  պիտի ունենայ Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ

Թուրքիոյ  խորհրդարանի հայազգի անդամ Կարօ Փայլան (HDP) ելոյթ պիտի ունենայ Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ: Այս  մասին տեղեկութիւնը ստացանք  «Արեւելք»»ի Լոնտոնի  աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ Փայլան   Լոնտոն  պիտի ժամանէ   յառաջիկայ  կիրակի  օր  եւ անոր պիտի ընկերակցին  թուրք եւ  քիւրտ   աքթիւիսթներ  եւ իրաւապաշտպաններ:   Նշենք, որ Փայլանի  կողքին նոյնպէս  ելոյթներով հանդէս պիտի գայ Տիարպէքիր ապրող քիւրտ յայտնի իրաւապաշտպան Մուհարրէմ  Էրպէյ եւ երկու գործիչները  համատեղ   ելոյթներ պիտի ունենան հայ, քիւրտ եւ թուրք լսարաններու առջեւ: Տեղի ունենալիք միջոցառումները կազմակերպուած են  Լոնտոնի մէջ  գործող «Կոմիտաս հիմնարկ»ին կողմէ, որուն  որպէս գործընկեր միացած է քրտական   «Peace in Kurdistan»  հիմնարկը: Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ տարածքին տարբեր միջոցառումներ իրականացուցած «Կոմիտաս հիմնարկ»ը ներկայիս  ապահովական   մտավախութիւններով  Թուրքիոյ  մէջ դադրեցուցած է իր  նախաձեռնութիւնները եւ  այդ պատճառով ներկայ հանգրուանին յարմար նկատած է  նման շահեկան նախաձեռնութիւն մը իրականացնել   Անգլիոյ մէջ: Կարօ Փայլանի  Լոնտոն տալիք այցին  մասին  յաւելեալ  տեղեկութիւնները  պիտի  ներկայացնենք «Արեւելք»ի էջերով: