image

Կարելի՞ է մասունքներուն վաւերականութեան վստահիլ. Ստեփան Պօղոսեան

Կարելի՞ է մասունքներուն վաւերականութեան վստահիլ. Ստեփան Պօղոսեան

Քրիստոնէական բոլոր եկեղեցիները,–բացի բողոքականներէն,– ունին մասունքներու պաշտամունքը։ Այդ սրբութիւնները ընդհանրապէս հաւատքի համար մարտիրոսացած սուրբերու ոսկրտիք են, որոնք կը պահուին զանազան ձեւի մասնատուփերու, նշխարատուփերու մէջ (châsse)։ Կամ ալ Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին առընչուած առարկաներ, ինչպէս կենաց փայտի Քրիստոսի խաչի մասնիկ, կամ ալ Փարիզի Սուրբ Մատրան (Sainte Chapelle) մէջ պահուող խաչելութեան մէկ գամը եւ Տիրոջ գլխուն դրուած փշապսակի մէկ փուշը։ Թորինոյի Մայր եկեղեցւոյ մէջ (Իտալիա) կը պահուի այն պատանքը (Sainte Suaire) որու մէջ փաթթուած է Տիրոջ մարմինը լոյս գերեզմանը թաղուելու ատեն, եւ որու վրայ լուսանկարի négatif-ի նման դրոշմուած կայ Տիրոջ շուքը յիշեցնող պատկեր մը։ Արդի գիտնականներու համար անբացատրելի այդ պատկերը ա՛յնքան խնդրական վէճերու դուռ բացած էր, որ տարիներ առաջ Կաթոլիկ եկեղեցին ինչ-ինչ ճառագայթներով տարրալուծելու տուաւ զայն, պատկերին հրաշապատում ծագումը ապացուցելու համար…։ Տիրաւանդ առարկաներէն է նաեւ «Քրիստոսամուխ» Սուրբ Գեղարդը (Sainte Lance) որմէ սակայն գոյութիւն ունի… հինգ օրինակ. անոնցմէ երեքը կը պատկանին Կաթոլիկ եկեղեցիին եւ կը գտնուին տարբեր երկիրներու մէջ, մէկը Յոյն ուղղափառ եկեղեցիինն է, եւ 5-րդն ալ կը պատկանի Հայ առաքելական եկեղեցիին։ Երկար տարիներ պահուելէ յետոյ գետնափոր նոյնանուն վանքին մէջ, ան այլեւս կը պահուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Անցողակի նշենք որ՝ բառարաններու մէջ գեղարդ բառին ֆրանսերէն թարգմանութիւնը գտանք hallebarde, եւ lance բառին ալ հայերէնը՝ նիզակ։ Երկուքն ալ հին դարերու զէնքեր են, զորս զինուորը թշնամիի մարմնին մէջ խրելով կը ջանար զայն զգետնել, մեռցնել։ Ընդհանրապէս մութ, անծանօթ է այդ տէրունի մասունքներուն կտրած ճանապարհը, ճակատագիրը, մինչեւ այսօր իրենց պահուած տեղերը հասնիլը, եւ աւանդութիւն կոչուածն է որ լրացուցած է ստոյգ փաստերն ու վաւերականութեան պարապ ձգած տեղերը… բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Անցեալ տարի, ֆրանքեւգերմանական ARTE հեռատեսիլի կայանը որ յաճախ պատմական բնոյթի հետաքրքրական reportage-ներ կը ներկայացնէ, յատուկ հեռասփռումով մը անդրադարձաւ այդ հինգ գեղարդներուն, մանրամասնօրէն։ Առաջին չորսը աւելի նման էին դանակի լայն շեղբի (lame), մինչ Հայոց պատկանողը ինչպէս գիտենք շեղանկիւն (losange) է, եւ վրան ալ խաչաձեւ չորս ծակեր ունի, եւ աւելի աւերիչ է քան միւս չորսը։ Յամենայն դէպս, հեռատեսիլի այդ հետաքրքրական հաղորդումը ոչ մէկ աւելորդ լոյս կրցաւ սփռել այդ հինգ գեղարդներուն եւ անոնց անցած ճանապարհին՝ եւ վաւերականութեան վրայ…։
Ներկայ գրութիւնովս անոր անդրադառնալուս տուն տուողը Ապրիլէն ի վեր հայաստանեան երկնակամարը յուզող բազմաթիւ քաղաքական հարցերուն վրայ վերջերս աւելցած կրօնա-եկեղեցական երեսակն է։ «Նոր Հայաստան-նոր հայրապետ) կոչուած շարժում մը մինչեւ Էջմիածնի մայրավանքը հասնող ցոյցերով կը պահանջէ Գրիգոր Լուսաւորչի ներկայ՝ 132-րդ յաջորդի հրաժարականը։ 1700 երկար տարիներու ընթացքին, 13 կաթողիկոսներ հրաժարած են իրենց Աթոռէն, անոնցմէ վերջինը ըլլալով Եփրեմ Ա. Ձորագեղցին (1809-1830)։ Երբ կը կարդանք մեր Եկեղեցւոյ համապարփակ պատմագիրքն հանդիսացող Մաղաքիա արք. Օրմանեանի կոթողային գործը՝ ԱԶԳԱՊԱՏՈՒՄ-ը, կը տեսնենք որ՝ մինչեւ 1836 ցարական իշխանութեան կողմէ հաստատուած,–կամ պարտադրուած,– ՊՈԼՈԺԵՆԻԱ կոչուած կանոնադրութիւնը, արդի հասկացողութեամբ որքան խնդրական եղած են մեր կաթողիկոսական ընտրութիւնները։ Ասկէ ալ դիւրաւ կարելի է հետեւցնել, որ այդ հրաժարեալներէն ոչ մէկը փողոցային ցոյցերու հետեւանքով է, որ ձգած է կաթողիկոսական ասան։ Մէկ տողով իսկ պիտի չանդրադառնայի «Նոր Հայաստան-նոր հայրապետ» շարժումին, եթէ այդ մարդիկ ԳԵՂԱՐԴԻ ԽՆԴԻՐ ՄԸՆ ԱԼ յարուցած չըլլային։ Ըստ ասոնց մեղադրանքներուն՝ վերջերս Սուրբ Գեղարդէն մասնիկ մը փրցուած եւ տրուած է (ոմանք նոյնիսկ ըսին վաճառուած) Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ։ Այդ ամբաստանութիւններուն դիմաց Էջմիածնի 3 կամ 4 միաբաններուն տուած կցկտուր նոյնիսկ հակասական «բացատրութիւնները» (քանի մէկը ըսաւ որ՝ հինէն ի վեր եկեղեցիներու միջեւ մասունքներ «փոխանակելու սովորութիւն» կայ, միւսը հերքեց այդպիսի բանը) ոչ միայն յստակ լոյս չբերին հարցին վրայ, այլ կասկածները խորացուցին. որով հոգեւոր իշխանութիւնը Շաբաթ, Յուլիս 7-ի ամբողջ օրը Ս. Գեղարդը հաւատացեալներուն ցուցադրեց։ Ասոր վրայ ալ հակա-կաթողիկոսական խմբակը ըսաւ, որ ցուցադրուածը բուն Գեղարդը չէ, այլ անոր մէկ կրկնօրինակը (copie)։ Եթէ փաստուի որ ամբաստանութիւններուն մէկը կամ միւսը (Գեղարդէն մասնիկ մը փրցուած կամ կրկնօրինակ) իրաւ է, խնդիրը ծանր, շատ ծանր հանգամանք կ՚առնէ։ Էջմիածնի մէջ պահուած Գեղարդը Քրիստոսի կողին մէջ խրուած իսկականը ըլլայ կամ ոչ, դարերէ ի վեր դարձած է ազգային հոգեւոր գանձ, սեփականութիւն, ինչ-ինչ զոհողութիւններով պահուած, պահպանուած է. եւ ոչ ոք իրաւունք ունի առանձինն անոր ճակատագիրը տնօրինելու, եթէ նոյնիսկ վեղարին վրայ խաչ կը կրէ։

* * *

Եւ քանի յօդուածիս խորագրով ալ անդրադարձանք մասունքներու վաւերականութեան, հոս տեղին է քանի մը տող յատկացնել այլ, բայց նոյնքան նուիրական նկատուած՝ մեր Եկեղեցւոյ մէջ պահուող ԱՋԵՐՈՒՆ։ Մեր դժբախտ պատմութեան հետեւանքով ամբողջ հազարամեակ մը Հայոց Հայրապետական Աթոռը աստանդական դարձաւ (նախ Վաղարշապատ-Էջմիածին 303–485=182 տարի։ Ապա Դուին 485–927=442 տարի։ Ախթամար 927–951=24 տարի։ Արգինա 952–1001=49 տարի։ Անի 1001–1125=124 տարի: Ծոփք 1125–1147=22 տարի։ Հռոմկլայ 1147–1293=146 տարի։ Սիս 1293–1441=148 տարի)։ 1441-ին վերադարձաւ դէպի Վաղարշապատ-Էջմիածին ուր կը մնայ մինչեւ օրս։ Կիլիկեան հողի վրայ հայրապետութեան կեցութեան ժամանակաշրջանին, հետեւելով տեղւոյն հայկական թագաւորութեան լատինամէտ քաղաքականութեան՝ Հայ եկեղեցին կրեց լատինականութեան ազդեցութիւնը, որուն երեւելի մէկ նշանն ալ մեր եպիսկոպոսներուն գործածած խոյրն է (չաթալ-թագ, mitre), քանի տրուելիք կամ սպասուած քաղաքական եւ ռազմական շատ խնդրական օգնութեան մը փոխարէն, պապականութիւնը կ՚ուզէր Հայ եկեղեցին իր մականին ներքեւ առնել։ Երբ 1375-էն ի վեր այլեւս հայկական թագաւորութիւն չկար, այսպէս կոչուած «Արեւելեան վարդապետները» 1441-ին Մայր Աթոռը վերադարձուցին իր բնօրրանը՝ Էջմիածին, միանգամ ընդ միշտ օտար ազդեցութիւններէ ձերբազատելու համար Եկեղեցին։ Բնականաբար հոս կարելի չէ նոյնիսկ սեղմ տողերով անդրադառնալ այդ փոխադրութեան առթած հարցերուն ու դժուարութիւններուն, որոնցմէ է սրբութիւններուն եւ մասունքներուն հարցը։ Կը նախընտրենք մեր ընթերցողները փոխադրել Ազգապատումի էջերը եւ անոնց հրամցնել Օրմանեան սրբազանի գրիչէն ելած տողերը ամբողջութեամբ։

Գլուխ 1461 էջ 2116/17
ՄԻՒՌՈՆ ԵՒ ՕՐՀՆԱԳՐԵՐ
«Վերանորոգեալ Աթոռին առաջին գործն եղաւ միւռոնի օրհնութիւնը ուզելով խորհրդական պէտք մը լրացնել, եւ միանգամայն ջնջել Սսոյ Աթոռին մէջ կատարուած զեղծումներէն մէկը, որ էր միւռոնի վաճառումը ծանր վճարումներու փոխարէն։ Իբրեւ առաջին բարեկարգական կանոն կը հռչակէ Մեծոփեցին՝ միւռոնը “բաժանեցաւ ընդ ամենայն Ազգս եւ կանոնեցաւ ձրի տալ եւ ձրի առնուլ եւ բարձաւ զաղանդն սիմոնական” (ԿՈՍ.74)։
… Եւ 1441-էն սկսեալ յիշատակագիրները կ՚ըլլան ի կաթողիկոսութիւն Սուրբ Լուսաւորչի Աթոռոյն Տէր Կիրակոսի, եւ կոնդակները գրուած էին այս սկզբնաւորութեամբ. Անուամբ անեղին Աստուծոյ, Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ ես Կիրակոս ծառայ ծառայիցն Աստուծոյ եւ Յիսուսի Քրիստոսի ողորմութեամբ եւ շնորհօք նորին կաթողիկոս աթոռին Գրիգորի Լուսաւորչին մերոյ ի Վաղարշապատ Սուրբ Էջմիածնի եւ Ամենայն Հայոց, որ այսօրուան մակագրութիւններէն շատ չի տարբերիր»։
Կաթողիկոսարանի յարատեւ փոխադրութիւնները պատճառ եղան որ նախ Ախթամարի մէջ 1113-ին, ապա Սիսի մէջ 1446-ին ստեղծուին հակաթոռ կաթողիկոսութիւններ։ Առաջինը վերջ գտաւ 1895-ին իր վերջին գահակալ Խաչատուր Գ. Շիրոյեանի վախճանմամբ. երկրորդը 1921-էն ի վեր վտարանդի, ցայսօր կը գոյատեւէ Անթիլիասի մէջ (Լիբանան)։

Դարձեալ ԱԶԳԱՊԱՏՈՒՄ 
գլուխ 1478, 2141/42 
ԱՋԵՐՈՒ ԽՆԴԻՐԸ
«Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան համար Լուսաւորչի Աջին ունեցած նշանակութիւնը յայտնի ըլլալով, Կարապետի (Սիսի նորանշանակ հակաթոռ կաթողիկոս - Ս.Պ.) համար հնար չէր Սիսի մէջ կաթողիկոսութիւն հաստատել առանց Աջն ալ վերահաստատելու, հետեւաբար պէտք էր որ “գտած” ըլլար անյայտացեալ Աջը, որուն բացակայութիւնը կիլիկեցիներուն ալ համոզած էր Սսոյ Աթոռին դադարելուն։ Իրօք ալ եղաւ Կարապետի ձեռնարկին փաստը եւ յետոյ գտեալ, այսինքն անյայտ եղած Աջը նորոգեաց զսուրբ աթոռս (ՀԱՅ. 75)։ Սակայն արդէն աշխարհաքարոզ եղած էր թէ Լուսաւորչի Աջը կանուխէն յայտնուած էր Վաղարշապատի մէջ, եւ այս եղած էր Կիրակոսի կաթողիկոսութեան հիմը, եւ միշտ ալ Էջմիածին կը մնար, զի 1445-ին (նորընտիր Ա. Հայոց կաթողիկոս) Գրիգոր Ջալալբեկեանց օրհնութեան կոնդակ կը գրէր ի սուրբ Աջէն Գրիգորի մերոյ Լուսաւորչի (փիր 140), եւ այնպէս ալ կը շարունակէր։ Իսկ Կարապետի աջը գտնելը եւ անով ինքզինք կաթողիկոս հռչակելը 1446-էն առաջ եղած չէ, եւ պատմական հանգամանքներ բաւական են հաստատելու թէ՝ Սսոյ նոր աջը, բուն եւ վաւերական աջը չէր, որչափ ալ Կիլիկիոյ կաթողիկոսներ ջանան պնդել եւ անոր ստուգութիւնը ապացուցանելու աշխատին։ Աջի մը մէջտեղ երեւնալը բաւական չէ այդ նպատակին, զի Աջի ձեւով մասնատուփը հայկական յատուկ սովորութիւն է. որով ամէն մի սուրբի նշխարհ, ո՛ր ոսկորն ալ ըլլայ, աջ ձեռքի ձեւով արծաթէ տուփի մը մէջ դնելով կ՚ըլլայ սուրբի մը աջը։ Աջի ձեւին կիրառութիւնը յարմար տեսնուած է անով օրհնութիւն տալու կամ խաչալուայ ընելու, եւ այժմ ալ Հայ եկեղեցիներու մէջ կը տեսնուի սուրբերու աջեր եւ նոյն սուրբի բազմաթիւ աջեր որոնք միայն աջի ձեւով մասնատուփեր են, նոյնիսկ մատներն ալ օրհնութիւն տալու ձեւով ծալուած։ Գրիգոր Ջալալբեկեանի վերոնշեալ կոնդակին մէջ Լուսաւորիչէն զատ տասը հատ եւս աջերէ օրհնութիւն կը յիշուի, աւելցնելով եւ այլ բազում աջերոյս որ աստ կան (փիր 140)։ Կիլիկիոյ աջերն ալ մէկէ աւելի են, եւ չորից սրբոց աջերաց անունները կը տրուին, որք են սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչին, եւ Սեղբեստրոսի Հռոմայ հայրապետին, եւ սրբոյն Նիկողոսի սքանչելագործ հայրապետին, եւ սրբոյն Բարսամայ ճգնաւորին (Ա.Հ.Ա 58)։ Միւս կողմէն ալ ոչ Էջմիածնի եւ ոչ Սիսի աջերը բացուած են, եւ հոն մէջը ինչ չափ ոսկր գտնուիլը քննուած չէ, եւ չեն ալ պնդեր թէ առաջին անգամ Աջի մասնատուփը շինել տուողը աջ ձեռքի ամբողջ ոսկորը անոր մէջ զետեղած ըլլայ։ Ըստ այսմ Կարապետ Եւդոկիացիին դիւրին էր նորէն բուն աջին նման նոր աջ մըն ալ պատրաստել տալ, մէջն ալ Լուսաւորչի մասունք զետեղել, ԵԹԷ ՉՈՒԶԵՆՔ ԱԼ ՈՒՐԻՇ ՈՐԵՒԷ ՈՍԿՐ ՄԸ ԶԵՏԵՂԱԾ ԸՍԵԼ (ընդգծումը իմս է. Ս.Պ.)։ Որովհետեւ յետոյ գտեալ բացատրութիւնը ոչ գիւտին պատմութիւնը կը ցուցնէ, ոչ ալ յայտնութեան պարագաները եւ պարագային համեմատ զրուցուած խօսքէ մը աւելի չէ»։
* * *
Ինչպէս կը տեսնենք, Հռոմի պապական «դիւանագիտական քուրայ»-ներու մէջ թրծուած Մաղաքիա արք. Օրմանեան շատ փափուկ ոճով ու դարձուածքներով կ՚արտայայտուի մասունքներու վաւերականութեան մասին։ Անոնք իսկական կամ կեղծ, նուիրական են ժողովուրդին համար եւ մաս կը կազմեն մեր պատմութեան ու ազգային գանձարանին. եւ չեմ կարծեր, որ գոյութիւն ունենայ մէկ հատիկ Հայ,– հաւատացեալ կամ ոչ,– որ անտարբեր մնայ անոնց ճակատագրին հանդէպ։ Ըստ իս, այսօր կաթողիկոսի մը անձը, անոր հրաժարիլը-չհրաժարիլը չէ հարցը։ Բուն հարցը, հարցերուն հարցը Հայ եկեղեցւոյ ապագան է եւ մօտիկ ապագան, որու մասին պէտք է այժմէն ազգովին մտածել, եթէ իսկապէս մէկ ազգ, մէկ հայրենիք եւ մէկ եկեղեցի բարձրաձայնելը իմաստ ունի ու միայն ամբոխավարական լոզունգ չէ։ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին պէտք է վերամիաւորուի մէկ կաթողիկոսութեան ներքեւ արժանաւոր Հայրապետի մը մականին տակ, երբ ներկայ երկու կաթողիկոսները իրենց երկրաւոր կեանքը աւարտեն։ Բնութեան պարզ օրէնքով, մարմին մը մէկ գլուխ կ՚ունենայ։ Պատմութեան ընթացքին մինչեւ չորս կաթողիկոսութիւններ ունեցած մեր Եկեղեցին, բաւ է որ տուժեց այդ անբնական երեւոյթներէն։

Ստեփան Պօղոսեան
Մարսիլիա 

 

«Նոր Յառաջ»