Հայաստանի կառավարութիւնը կը վերացնէ երկրին մէջ յայտարարուած ռազմական դրութեան ծիրէն ներս կիրառուած հաւաքներու եւ գործադուլերու կազմակերպման, կատարման եւ անոնց մասնակցելու արգելքը, ՀՀ տարածք մուտքի եւ ելքի յատուկ ռեժիմը եւ հրապարակումներու, հաղորդումներու իրականացման սահմանափակումները ամբողջութեամբ: Այս մասին դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար՝ Էտուարտ Աղաջանեանը:
«Քիչ անց կը հրապարակուի ՀՀ կառավարութեան 2020-ի 2 դեկտեմբերի թիւ 1917 որոշումը, որով այլեւս կը վերացուին 2020-ի 27 սեպտեմբերէն Հանրապետութեան մէջ յայտարարուած ռազմական դրութեան ծիրէն ներս կիրառուած հաւաքներու եւ գործադուլերու կազմակերպման, կատարման եւ անոնց մասնակցելու արգելքը, ՀՀ տարածք մուտքի եւ ելքի յատուկ ռեժիմը եւ հրապարակումներու, հաղորդումներու իրականացման սահմանափակումները ամբողջութեամբ»,- գրած է Աղաջանեան: