Գերմանիոյ Տիւսըլտորֆ քաղաքի երկաթագծային կայարանին մէջ անյայտ մարդիկ կացինով յարձակած են անցորդներու վրայ, այս մասին կը հաղորդէ «Daily Express »ը:
Հակաահաբեկչական ոստիկանութեան աշխատակիցները յաջողած են ձերբակալել անոնցմէ մէկը, աւելի ուշ հաղորդուած էր, որ նոյն հարցով երկրորդ անձ մըն ալ ձերբակալուած է:
Աղբիւրի տեղեկութիւններուն համաձայն 5 հոգի վիրաւորուած է, որոնցմէ ոչ մէկուն կեանքին վտանգ կը սպառանայ, սակայն անոնցմէ մէկը ծանրօրէն վնասուած է:
Ականատեսներէն մէկը պատմած է, որ վիրաւորուն շարքին եղած է նաեւ 13-ամեայ աղջիկ մը: