Իզմիրի մէջ քիչ առաջ արդարադատութեան պալատի մօտ գրանցուած պայթումը արդիւնք է երկու ականուած ինքնաշարժներու: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ HaberTurk կայքը, նշելով, որ պայթումներէն ետք ծագած է հրդեհ եւ լսուած է կրակոց:
Աղբիւրին համաձայն, ապահովական մարմիններ բախում ունեցած են ահաբեկչութիւնը գործողներուն հետ եւ սպաննած երկու զինեալներ: Նախնական տուեալներով կան 3 վիրաւորներ:
Ըստ նախնական տուեալներու ահաբեկիչները կը պատրաստուէին պայթումները իրականացնել մարդաշատ փողոցներու մէջ: