image

Իզմիրի մէջ ահաբեկչական պայթում. հեղինակներէն երկուքը սպաննուած

Իզմիրի մէջ ահաբեկչական պայթում. հեղինակներէն երկուքը սպաննուած

Իզմիրի մէջ  քիչ առաջ արդարադատութեան պալատի  մօտ գրանցուած պայթումը արդիւնք է երկու ականուած  ինքնաշարժներու: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ  HaberTurk կայքը, նշելով, որ պայթումներէն ետք ծագած է հրդեհ եւ լսուած է կրակոց: 

Աղբիւրին համաձայն, ապահովական մարմիններ բախում ունեցած են ահաբեկչութիւնը գործողներուն հետ եւ սպաննած երկու  զինեալներ: Նախնական տուեալներով կան 3  վիրաւորներ:

Ըստ նախնական տուեալներու ահաբեկիչները կը պատրաստուէին պայթումները իրականացնել   մարդաշատ փողոցներու  մէջ: