Իսրայէլեան «Debka Files» հետախուզական կայքը, հիմնուելով բանակի զինուորներու բողոքները արձանագրող պաշտօնեայի՝ Իսհաք Պրիքի ձեռք բերած տուեալներուն, բացայայտած է, որ Իսրայէլեան բանակը ո'չ «Հըզպալլա»ի, ո'չ «Համաս»ի հետ պայքարի դուրս գալու պատրաստ է:
Աղբիւրին համաձայն, բանակի զինուորները յառաջիկայ պատերազմին մասնակցելու համար զօրավարժութիւններու չեն ենթարկուիր, իսկ զինամթերքի պահեստներուն մէջ մեծ թիւով անհրաժեշտ զէնքեր կը բացակային, եղածներն ալ մեծաւ մասամբ անօգտագործելի են:
Առաւել յատկանշական է այն, որ բանակն անկարող է ստիպել իր սպաներուն եւ զինուորականներուն բջիջային հեռախօսներ չօգտագործել, իսկ վերջիններուս կողմէ օգտագործուող «Whatsapp» ծրագիրը անմիջապէս կրնայ բացայայտել իրենց գտնուած վայրը, մինչդեռ իսրայէլեան հետախուզական համակարգը թերի կը գործէ:
Թերթը դիտել տուած է նաեւ, որ ռազմական բժիշկներու եւ բուժօգնողներու թիւը նոյնպէս շատ քիչ է, որուն հետեւանքով ալ ռազմական բժշկութեան ծառայութիւնները չեն կրնար անթերի կերպով մատուցուիլ: